Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆաթհի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ազզամ Ահմատի: Ահմատ նախագահ Աունին յանձնեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն նամակ մը, որուն մէջ ան անդրադարձած էր ներկայ շրջանային իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան հարցին մասին պաղեստինեան կեցուածքին:
Մահմուտ Ապպաս նամակին մէջ նկատել տուած էր, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ընդարձակման քաղաքականութիւնը, բնակեցման վայրերու ապօրինի շինութիւնները, բռնագրաւուած հողերուն քարաշէն պատերով իրարմէ բաժնելն ու Երուսաղէմի հրէականացումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներուն բռնագաղթի կազմակերպումը: Ան անդրադարձած էր նաեւ պաղեստինեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ ծաւալած ամերիկեան քաղաքականութեան, յատկապէս «Դարու գործարք»-ը անուանումը կրող ծրագիրին:
Ապպաս ընդգծեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրած է եւ պիտի շարունակէ գործել` հասնելու համար շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումին:
Մահմուտ Ապպաս իր նամակով գնահատած էր նախագահ Աունի քաջ եւ պատմական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին կեցուածքները` զօրակցելու պաղեստինցի ժողովուրդին` իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ անոր մղած պայքարի բոլոր փուլերուն ընթացքին:
Ապպաս արժեւորեց նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին մատուցած զոհողութիւնները, յատկապէս` «Դարու գործարք»-ը ծրագիրը մերժելու եւ Մանամայի խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու առումով:
Մահմուտ Ապպաս շեշտեց քաղաքական եւ ապահովական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Լիբանանի հետ մնայուն գործակցութեան պահպանումը: