Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ այսօր Իսրայէլէն պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր ան հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Տակաւին կարելի չէ ըսել, թէ Սաթըրֆիլտի առաքելութիւնը յաջողա՞ծ է, թէ՞ ձախողած, որովհետեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անոր հանդիպումները տակաւին առկայ են եւ բանակցութիւնները` ընթացքի մէջ:
Կը նախատեսուի սակայն, որ Սաթըրֆիլտի Լիբանան վերադարձը լեցուն ըլլայ սահմանագծումին մասին կատարուած լիբանանեան առաջարկներուն իսրայէլեան պատասխաններով:
Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանի նկատմամբ լուրջ եւ հաստատ յանձնառութիւն կայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումը վերջնականապէս կատարելու առումով` ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ: Սաթըրֆիլտ այս շրջագիծին մէջ լիբանանցի պատասխանատուներուն պիտի յայտնէ, թէ Ուաշինկթըն նախանձախնդիր է, որ ամերիկեան նաւթի ընկերութիւնները սկսին Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարել:
Պու Սաապ
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Ռուսիա կրնայ դրական դերակատարութիւն ունենալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու առումով:
Պու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանան յստակ տուեալներ ունի, թէ Սուրիա կը փափաքի Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարել, «եւ նկատի ունենալով, որ Ռուսիա կը գտնուի շրջանին մէջ, հետեւաբար ան կրնայ իր ներդրումը ունենալ այս առումով», ըսաւ ան:
Պու Սաապ աւելցուց նաեւ, որ Ռուսիա կրնայ նաեւ իր շահերը ունենալ` տրուած ըլլալով, որ ռուսական «Նովաթեք» նաւթի ընկերութիւնը եւս կը գտնուի շրջանին մէջ եւ արդէն իսկ սկսած է պեղումներ կատարել լիբանանեան ջուրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող բնական կազի հորերէն:
Պու Սաապ աւելցուց նաեւ, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրը:
Ալի Համտան
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդատու Ալի Համտան յայտնեց, որ Պըրրի կը պահանջէ ծովային եւ ցամաքային առումով Լիբանանի իրաւունքը յարգել` աւելցնելով, որ ամերիկացիներէն խնդրուած միջնորդութիւնը մետասաներորդ պահու առաջարկ չէ, այլ` 7 տարուան ճիգ եւ աշխատանք:
Համտան շեշտեց, որ այսօր կայ իսկական առիթ մը պաշտպանելու Լիբանանի հողերն ու ծովային սահմանները` ընդգծելով, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ Իսրայէլի մէջ նաւթի մարզի ներդրումները սկսին, եւ Լիբանանի տնտեսութիւնը շարունակէ իր ծանր իրավիճակը:
Համտան նշեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ Լիբանան բնաւ տկար դիրքի վրայ չի գտնուիր` աւելցնելով, որ վերջին բանակցութիւններէն Լիբանանի վաստկածը շատ դրական է: «Պէտք է իմանալ եւ լաւ ըմբռնել, թէ բանակցութիւնը կը կատարուի թշնամի երկրի հետ, հետեւաբար թղթածրարները պէտք է ամենայն բծախնդրութեամբ քննել», հաստատեց ան: