Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 19, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 26 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Ժապաք յայտնեց, որ հանդիպումը յաջող էր ու արդիւնաւէտ: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ մեկնեցաւ Ռիատ` ընդառաջելով սէուտցի իր պաշտօնակիցին հրաւէրին: Այցելութեան նպատակն է լիբանանեան եւ սէուտական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ պետական ամավարկին մէջ կատարուած բարեփոխումներուն նպատակն է խնայողութեան համեմատութիւնը բարձրացնել եւ նուազեցնել այն տուրքերը, որոնք լիբանանցիներուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը կրնան ունենալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ հզօր հանրապետութիւնը կը կերտուի շարունակականութեան հիման վրայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի հաստատեց, որ լիբանանցիներուն 99 առ հարիւրը բարկութեամբ լեցուած է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ ներածուած արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած 2 առ հարիւրը պիտի չնպաստէ երկրին ճարտարարուեստին, այլ` պիտի աւելցնէ համեստ դասակարգին եւ լիբանանցիներուն վրայ հաստատուած բեռը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ ժամանակն է կատարելու այնպիսի նշանակումներ, որոնք հիմնուած են ատակ ըլլալու չափանիշին վրայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ հաստատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկով Լիբանանի տնտեսութիւնը կարելի պիտի ըլլայ եկամտաբեր տնտեսութենէն արդիւնաբեր տնտեսութեան վերածել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ քաղաքական տարակարծութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն քաղաքական բոլոր կողմերուն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ կատարեց Մազարեհ Շեպաայի, Ղաժարի, Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` հասնելով մինչեւ Շէյխի լեռներ եւ Արեւմտեան Պեքաա:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմին յանձնարարած է Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի քաղաքական բանտարկեալ Ժորժ Ապտալլան ազատ արձակելու նպատակով հաղորդակցութիւններ ունենալ ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանին Հետ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.