Իպրահիմ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացին քննարկուեցան նաեւ ֆրանսական դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:




















