Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Պասիլի Հետ Անկեղծանալու Հանդիպումէն Ետք Մեր Միջեւ Համաձայնութիւնը Յաւելեալ Զօրութեամբ Պիտի Շարունակուի»

June 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հինգ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի եւ Պասիլ հանդիպումը նկատեցին համապարփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր թղթածրարներ:

Վարչապետ Հարիրիի գրասենեակը երէկ գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անկեղծ եւ պատասխանատու քննարկում կատարուած է վարչապետին եւ Պասիլի միջեւ` նկատի ունենալով բոլոր տարակարծութիւնները:

«Հանդիպումը եղած է առիթ մը` ընդգծելու Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին պարտադրած անհրաժեշտութիւնը` կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու, պետական ամավարկը վաւերացնելու, աղբահանման հարցը լուծելու, տեղահանուածներու տունդարձի, ինչպէս նաեւ մսխումին եւ փտածութեան դէմ պայքարելու:

«Շուրջ երեք տարի առաջ ստորագրուած համաձայնութիւնը առկայ է եւ յաւելեալ զօրութեամբ ու արդիւնաւէտութեամբ պիտի շարունակուի` անկեղծանալու այս հանդիպումէն ետք», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախքան հանդիպումը Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետին հետ իր հանդիպումը բնական է եւ սովորական` աւելցնելով, որ ոմանք փորձած են անոնց միջեւ հարցեր հրահրել, սակայն չեն յաջողած:

Պասիլ նշեց, որ վարչապետին հետ իր հանդիպումը նախապէս ճշդուած էր:

Աւելցնենք, որ վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ քարահանքերու յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ռայա Հասան, Աքրամ Շեհայէպ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ֆատի Ժրայսաթի եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ:

Յանձնախումբը իր նիստը պիտի շարունակէ վաղը` չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Ամրապնդելու Ապահովական Իր Կայունութիւնը»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Հոլանտայի Խորհրդարանի Նախագահին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.