ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ անհրաժեշտ նկատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը կարճ ժամանակի ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել խորհրդարանին կողմէ: Ըստ Խալիլի, երկրին ելեւմտական իրավիճակը մտահոգիչ չէ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով լիբանանեան ազգային համախոհութիւն գոյութիւն ունի:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը քաջալերելու ծրագիրներ եւ քաղաքականութիւն չէ մշակած:
ԿԻՐԱԿԻ, 16 յունիս 2019-ին, Հարաւային արուարձաններու «Աղա» ճաշարանին վրայ կրակ բացած յանցագործը եւ անոր եղբայրը երէկ ձերբակալուեցան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրապարակած օրէնքները գործադրելու կարեւորութիւնը` երկրին զբօսաշրջական մարզը բարելաւելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով սէուտական ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆայեատ պըն Պամետ Ռուէյլիի հրաւէրին: Կը նախատեսուի, որ այդ այցելութեան ընթացքին քննարկուի լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք սէուտական զինուորական օժանդակութիւններուն հարցը: