Լիբանանեան

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Կը Մնայ Սառած` Հակառակ Այդ Գծով  Շարունակուող Խորհրդակցութիւններուն

Կառավարութեան Աշխատանքային Բնականոն Ընթացքը Վերականգնելը Կրնայ Դժուար Ըլլալ

Մինչ Լեռնալիբանանի միջադէպին թղթածրարը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել երկրին քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին վրայ, քաղաքական իշխանութիւնները, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛անդրադառնային 2019-ի պետական ամավարկը խորհրդարանին կողմէ վաւերացնելու կարեւորութեան, արդէն կը թուին մոռցած ըլլալ այդ թղթածրարը: Թէեւ անցեալ շաբաթավերջին անպաշտօն կերպով լուրեր սպրդեցան, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի անձնական այցելութեամբ 48 ժամով պիտի բացակայի երկրէն, սակայն հիմնական հարցը կը մնայ այն, թէ կառավարութեան յաջորդ...

Պաալշմայի Մէջ Սամեր Ապու Ֆարաժի  Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

Պաալշմայի Մէջ Սամեր Ապու Ֆարաժի Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերը կը շարունակուին, հակառակ անոր որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի շքախումբին դէմ կրակ բանալու հարցը կը շարունակէ մնալ փշոտ խնդիր` Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու առումով: Միւս կողմէ, շաբաթ կէսօրին Պաալշմայի մէջ կատարուեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սամեր Ապու Ֆարաժի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, նախարար Ղարիպ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար...

Պասիլ. «Թրիփոլի Այցելութիւնս  Պիտի Մնայ Խորհրդանշական, Որովհետեւ  Կը Մերժենք Լիբանանը Մասնատել»

Պասիլ. «Թրիփոլի Այցելութիւնս Պիտի Մնայ Խորհրդանշական, Որովհետեւ Կը Մերժենք Լիբանանը Մասնատել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթ օր այցելեց Թրիփոլի, ուրկէ ուղղուեցաւ Աքքար եւ ապա Զղարթա: Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ»-ի անուան համալիրին մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Ան նշեց, որ իր այցելութեան ժամանակացոյցը փոփոխութեան ենթարկուած է ապահովական պատճառներով: «Թրիփոլի այցելութիւնս պիտի մնայ խորհրդանշական, որովհետեւ կը մերժենք Լիբանանը մասնատել», ըսաւ Պասիլ:...

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Սեզար Մաալուֆի, այցելեց Պաալպեք, ուր շրջեցաւ ծաղիկներու եւ Պաալպեքի ձեռարուեստի յատուկ ցուցահանդէսին եւ շրջանի զբօսավայրերուն մէջ: Նախարար Կիտանեան այցելեց նաեւ Պաալպեքի բերդն ու հնութիւնները: Այս առիթով նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք ուրախ է իր կատարած այցելութեամբ, որովհետեւ կրցած է տեսնել Պաալպեքի եւ Ռաս Այնի գեղեցիկ պատկերը, «որ դժբախտաբար չենք կրնար յաւուր պատշաճի ներկայացնել`...

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Ռայի Պատրիարքին Եւ Ժահժահի

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Ժահժահի

Անցեալ շաբաթավերջին Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէ եւ Հատի Ապու Հասան, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին Շեհայէպ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու...

Ռայի. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը  Գանձ Մըն Է, Որուն Կառչած Կը Մնանք»

Ռայի. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Գանձ Մըն Է, Որուն Կառչած Կը Մնանք»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց, որ տակաւին մինչեւ օրս կը տառապինք Քապըր Շմունի միջադէպին հետեւանքներէն, որուն պատճառով խանգարուած է նաեւ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքային առօրեան: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական կացութիւնը օրըստօրէ աւելի կը վատթարանայ` աւելցնելով, որ նիւթական պարտաւորութիւնները կը բարդուին քաղաքացիներուն...

Մըրատ. «Մեր Կարողութիւնները Կը Զետեղենք  Մշակոյթի Նախարարին Տրամադրութեան Տակ»

Մըրատ. «Մեր Կարողութիւնները Կը Զետեղենք Մշակոյթի Նախարարին Տրամադրութեան Տակ»

Արտաքին քաղաքականութեան պետական նախարար Հասան Մըրատ երէկ Շթորայի իր բնակարանին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի` ներկայութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլայի եւ Պեքաայի հեղինակութիւններուն ու հոգեւորականներուն: Այս առիթով Հասան Մըրատ յայտնեց, որ իրենց կարողութիւնները կը զետեղեն մշակոյթի նախարարին տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան կարենայ Պեքաայի մէջ գրադարաններ հիմնել` գործակցելով քաղաքապետարաններուն եւ սեփական մարզին հետ: Մըրատ ընդգծեց նաեւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս վերահաստատեց, որ ինք կը մերժէ աղբերու հրկիզման գործարանի հիմնումը` հաստատելով, որ կը մերժեն Պէյրութի կամ որեւէ այլ շրջանի մէջ իրենց զաւակներուն առողջութիւնը վտանգող ընտրանքները: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանան կարողութիւնը ունի պետական գանձարկղի նիւթական բացը 5 տարուան ընթացքին փակելու, որովհետեւ անիկա սնանկացած երկիր...

Ռամլիէի Մէջ Ռամի Սալմանի  Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

Ռամլիէի Մէջ Ռամի Սալմանի Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

Երէկ Կէս Գիշերին Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին Մեղսակցած Երկու Յանցագործներ Յանձնուեցան Ընդհանուր Ապահովութեան Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ կէս գիշերին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն յանձնուած են զինեալ միջադէպին մեղսակցած երկու յանցագործները: Ան աւելցուց, որ հարցը լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուի: Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար...

Նախագահ Աուն. «Տարաձայնութիւններն Ու  Վարկաբեկիչ Արտայայտութիւնները  Ազատութեան Մաս Չեն Կազմեր»

Նախագահ Աուն. «Տարաձայնութիւններն Ու Վարկաբեկիչ Արտայայտութիւնները Ազատութեան Մաս Չեն Կազմեր»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երիտասարդութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ իրենց նախահայրերէն ժառանգած են գեղեցիկ, բայց յոգնած հայրենիք մը: Ան աւելցուց, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր այդ հայրենիքը իրենց զաւակներուն կտակելու աւելի լաւ վիճակի մէջ եւ աւելի գեղեցիկ պատկերով: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ տարբեր ըլլալը օրհնութիւն է եւ ոչ թէ անէծք: «Կարեւորը այդ օրհնութիւնը տնօրինելու միջոցն...

Պըրրի Քանաանի Հետ Քննարկեց Պետական  Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Քանաանի Հետ Քննարկեց Պետական Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Եասին Ժապերի, Ալի Ամմարի, Հասան Ֆատլալլայի, Ալեն Աունի, Ալի Ֆայեատի եւ Նիքոլա Նահհասի: Հանդիպումին ընթացքին Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը գրեթէ աւարտած է պետական ամավարկի քննարկումը: Ան նշեց, որ քննարկումներուն ընթացքին ամավարկը ենթարկուած է խորհրդարանական խիստ քննութեան: Քանաան շեշտեց, որ...

Նախարար Կիտանեան. «Այսօր Կարիքը Ունինք  Վստահելու Զբօսաշրջութեան Մարզին»

Նախարար Կիտանեան. «Այսօր Կարիքը Ունինք Վստահելու Զբօսաշրջութեան Մարզին»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն, արուեստագէտներուն, մտաւորականներուն եւ լրագրողներուն զօրակցելու երկրին զբօսաշրջական եղանակին` կարելի եղածին չափ Լիբանանի մասին դրական պատկեր տարածելով: Ան նշեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուար ու բարդ պայմաններուն, ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել Լիբանանը իր գեղեցիկ պատկերով ներկայացնելու աշխարհին: Քֆարտըպիանի փառատօնին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ա. Կիտանեան ըսաւ. «Այսօր...

Վարչապետ Հարիրիի Մօտիկ Աղբիւրներ  Կը Հաստատեն, Որ Լեռնալիբանանի Միջադէպը  Իր Ազդեցութիւնը Կ՛ունենայ Ամբողջ Երկրին Վրայ

Վարչապետ Հարիրիի Մօտիկ Աղբիւրներ Կը Հաստատեն, Որ Լեռնալիբանանի Միջադէպը Իր Ազդեցութիւնը Կ՛ունենայ Ամբողջ Երկրին Վրայ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական իրադարձութիւնները: Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային զարգացումները: Վարչապետին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Խալետ Տահեր: Միւս կողմէ, վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին,...

Պաղեստինեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Սամիր Ժահժահի

Պաղեստինեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Սամիր Ժահժահի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց պաղեստինեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան եւ Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդներու անդամ Ազզամ Ահմատի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու նախագահ Ֆաթհի Ապու Արտաթի: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան եւ լիբանանցիները կը զօրակցին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պաղեստինեան...

Պասիլ Այսօր Պիտի Այցելէ Թրիփոլի

Պասիլ Այսօր Պիտի Այցելէ Թրիփոլի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ այսօր պիտի այցելէ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Թրիփոլիի խորհուրդին հետ: Թրիփոլիէն ետք Պասիլ պիտի ուղղուի Աքքար, ապա Ռըշհին եւ Զղարթա: Թրիփոլիի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ խորհուրդ տուաւ Պասիլին յետաձգելու Թրիփոլի իր այցելութիւնը` աւելցնելով, որ ինք պիտի չընդունի Պասիլը: Իր...

Պու Սաապ Բրիտանական Պատուիրակութեան Հետ  Արժեւորեց Սահմանային Իրագործումները

Պու Սաապ Բրիտանական Պատուիրակութեան Հետ Արժեւորեց Սահմանային Իրագործումները

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց բրիտանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ հանգստեան կոչուած գնդապետ Կայլզ Թէյլըրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի սահմանային իրավիճակը եւ ապօրինի մուտքերն ու անցքերը հակակշիռի տակ առնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին արժեւորումը կատարուեցաւ սահմանային հակակշիռը պահելու իմաստով արձանագրուած իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Բրիտանական պատուիրակութիւնը Պու Սաապին ներկայացուց...

Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին  Մեղսակիցները Ապահովական Կառոյցներուն  Յանձնելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին Մեղսակիցները Ապահովական Կառոյցներուն Յանձնելու Ճիգերը Կը Շարունակուին

Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերը եւ այդ միջադէպին մեղսակիցներն ու յանցագործները ապահովական կառոյցներուն յանձնելու ճիգերը կը շարունակուին: Այս առումով վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Խալտէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր...

Պըրրի Օպէյտի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Օպէյտի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Օպէյտ յայտնեց, որ ինք բարձր գնահատած է Պըրրիի ջանքերը` լիբանանեան տարբեր քաղաքական ուժեր ու համայնքներ համախմբելու առումով, եւ պահանջած է շարունակել այդ ընթացքը` մաղթելով, որ անոր ջանքերը միշտ յաջողութեամբ պսակուին: Օպէյտ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին իր հակակշիռին...

Պէյրութի Քաղաքապետութիւնը Յետաձգեց Աղբի  Հրկիզման Գործարան Մը Հիմնելու Վաւերացումը.  ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչ Տոքթ. Սահակ  Քէշիշեան Փոխանցեց Իր Մերժումը

Պէյրութի Քաղաքապետութիւնը Յետաձգեց Աղբի Հրկիզման Գործարան Մը Հիմնելու Վաւերացումը. ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչ Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան Փոխանցեց Իր Մերժումը

Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի երէկ նախագահեց Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր եւ վաւերացուէր նաեւ աղբի հրկիզման գործարան մը հիմնելու վաւերացումը: Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան նիստին ընթացքին իր մերժումը յայտնեց այս ծրագիրին` անոր պայմանագիրի անյստակութեան եւ անոր ունենալիք կենսոլորտային ազդեցութեան մասին ոչ ամբողջական ուսումնասիրութեան համար, ինչպէս նաեւ Քարանթինայի մէջ նման գործարաններու հիմնումը մերժելու...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց  Արպիտն Ու Քաաքին

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Արպիտն Ու Քաաքին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը, որուն հետ քննարկեց վարչական ներքին հարցեր, որոնք կը վերաբերին Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէն: Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մամուլի մարզը յուզող շարք մը...

Page 547 of 988 1 … 546 547 548 … 988

Արխիւներ