Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերը եւ այդ միջադէպին մեղսակիցներն ու յանցագործները ապահովական կառոյցներուն յանձնելու ճիգերը կը շարունակուին:
Այս առումով վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Խալտէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լեռնալիբանանի միջադէպի լուծման հեռանկարները` ներկայութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի:
Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ Ապպաս Իպրահիմ վստահութեան աղբիւր է բոլորին համար` աւելցնելով, որ ան կատարեալ թափանցիկութեամբ կը փորձէ լուծում գտնել Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպին:
Ան կոչ ուղղեց միջադէպին մասին հեքիաթներ չհիւսելու` շեշտելով, որ Ապպաս Իպրահիմ կը գործէ ի խնդիր Լեռնալիբանանի ապահովութեան եւ մաս չի կազմեր քաղաքական կեանքին:
Արսլան ընդգծեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրուեցան որոշումներ, որոնք պէտք է գործադրուին կառավարութեան կողմէ` նախագահութեամբ վարչապետ Հարիրիի:
«Մերժելի են բոլոր արտայայտութիւնները, թէ Քապըր Շմունի միջադէպը Դատական խորհուրդ փոխանցելը կրնայ պայթեցնել կառավարութիւնը, որովհետեւ անիկա խոցելի կը դարձնէ կառավարութեան հեղինակութիւնը», յայտնեց Արսլան:
Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ ինք թիւերու մանրամասնութիւններուն մէջ չ՛ուզեր մտնել` աւելցնելով, որ հարցերը կ՛ուղղուին դէպի լուծում:
Իպրահիմ նշեց, որ Դատական խորհուրդը իր տրամադրութեան տակ չի գտնուիր` ընդգծելով, որ ամէն ինչ որ քաղաքական է, պէտք է քաղաքականութեան սահմաններուն մէջ պահել:
Իպրահիմ վերահաստատեց նախանցեալ օրուան Ժոմպլաթի յայտարարութիւնը, թէ ան ենթակայ է օրէնքին` շեշտելով, որ ատիկա հիմնական կեցուածք կը նկատուի:
Արսլանի եւ Իպրահիմի հանդիպումէն ետք Ղարիպ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ղարիպ հաստատեց, որ Պըրրի քաղաքացիական անվտանգութեան մեծ երաշխիք է: «Անոր մօտ շօշափեցի Լեռնալիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ լուրջ յանձնառութիւն», ըսաւ ան:
Ղարիպ նկատել տուաւ, որ սխալը ճշմարտութիւն չի դառնար, ինչպէս նաեւ ճշմարտութիւնը անհիմն չի դառնար, եթէ անոր նկատմամբ զօրակցութիւն չըլլայ:
«Պըրրի քաջածանօթ է իրականութեան եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լեռնալիբանանի մէջ սադրանքն ու դաւադրութիւնը արգիլելու համար, պայմանով որ բոլոր յանցագործները ապահովական կառոյցներուն յանձնուին», ընդգծեց Ղարիպ:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Ղարիպ նշեց, որ տիւրզի հոգեւորականներուն փափաքին ընդառաջելով եւ յարգելով աւանդութիւնները, որոշուած է երկու զոհերուն յուղարկաւորութիւնը կատարել: Ան ընդգծեց, որ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ոչ մէկ կապ ունի միջադէպին հետեւանքները լուծելու հոլովոյթին հետ:
Նշենք, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ռամի Սալմանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, անոր ծննդավայրին` Ռամլիէ գիւղաքաղաքին մէջ: Իսկ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սամեր Ապի Ֆարաժի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի վաղը` շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, անոր ծննդավայրին` Պաալշմիէ գիւղաքաղաքին մէջ:




