Շէյխ Նայիմ Հասան Պաղեստինեան Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Շեշտեց Պաղեստինեան Դատին Արդարացիութիւնը
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց պաղեստինեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան եւ Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդներու անդամ Ազզամ Ահմատի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումներու նախագահ Ֆաթհի Ապու Արտաթի: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ «Դարու գործարք»-ի մերժումին մասին պաղեստինեան եւ լիբանանեան միացեալ կեցուածքին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանի կողմէ պաղեստինցի...




















