Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Թրիփոլի Այցելութիւնս Պիտի Մնայ Խորհրդանշական, Որովհետեւ Կը Մերժենք Լիբանանը Մասնատել»

July 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթ օր այցելեց Թրիփոլի, ուրկէ ուղղուեցաւ Աքքար եւ ապա Զղարթա:

Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ»-ի անուան համալիրին մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներուն եւ համակիրներուն հետ:

Ան նշեց, որ իր այցելութեան ժամանակացոյցը փոփոխութեան ենթարկուած է ապահովական պատճառներով:

«Թրիփոլի այցելութիւնս պիտի մնայ խորհրդանշական, որովհետեւ կը մերժենք Լիբանանը մասնատել», ըսաւ Պասիլ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր այցելութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարողներուն` հաստատելով, որ Թրիփոլին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան քաղաք է, խոստանալով վերադառնալ նոյն քաղաքը` իր նախկին այցելութեան օրակարգով:

Պասիլ նշեց, որ իրենք չէ, որ Թրիփոլիի մէջ վարչապետ սպաննած են, ինչպէս նաեւ իրենք չեն մասնակցած քաղաքացիական պատերազմին եւ համայնքային խտականութիւն չեն կատարած:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատերազմի իշխան չէ եղած բնաւ, այլ` խաղաղութեան», ըսաւ ան:

Պասիլ գնահատեց Թրիփոլիի` ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարը` ընդգծելով, որ իրենց համար հպարտութիւն է ըսել, թէ կը գտնուին ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ պիտի գործակցին բոլորին հետ:

Նշենք, որ Թրիփոլիի մէջ Պասիլի այցելութիւնը մերժող ցուցարարներ համախմբուեցան Նինիի հրապարակին դիմաց, որ «Ռաշիտ Քարամէ»-ի անուան համալիրին մօտակայքը կը գտնուի: Անոնք կատարեցին իրենց բողոքի ցոյցը, որ աւարտեցաւ առանց միջադէպի:

Պասիլ այցելեց նաեւ Աքքար, ուր հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու` նշելով, որ իրենք կը ջանան Աքքարի բարգաւաճումը ապահովել:

Ան աւելցուց, որ ոմանք զինք կը դատապարտեն նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեամբ` աւելցնելով, որ օրին ինք 12-րդ դասարանի աշակերտ եղած է: «Ոմանք անցեալին կառչած կը մնան եւ կը ջանան պատմութիւնը նենգափոխել», ըսաւ Պասիլ:

Զղարթայի մէջ Պասիլ հաստատեց, որ ներկայ փուլը ամբոխավարութեան կարիք չունի` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աշխատին երկրին բազմազանութիւնը պահպանել:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ քաղաքական ուժ կարելի է ջնջել, եւ բոլորը կոչուած են իրարու հետ գործակցութեան:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

Յաջորդը

Պաալշմայի Մէջ Սամեր Ապու Ֆարաժի Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.