Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըրատ. «Մեր Կարողութիւնները Կը Զետեղենք Մշակոյթի Նախարարին Տրամադրութեան Տակ»

Յուլիս 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին քաղաքականութեան պետական նախարար Հասան Մըրատ երէկ Շթորայի իր բնակարանին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի` ներկայութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլայի եւ Պեքաայի հեղինակութիւններուն ու հոգեւորականներուն:

Այս առիթով Հասան Մըրատ յայտնեց, որ իրենց կարողութիւնները կը զետեղեն մշակոյթի նախարարին տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան կարենայ Պեքաայի մէջ գրադարաններ հիմնել` գործակցելով քաղաքապետարաններուն եւ սեփական մարզին հետ:

Մըրատ ընդգծեց նաեւ Պեքաայի մէջ ցուցահանդէսներ եւ խորհրդաժողովներ կազմակերպելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ մշակոյթի նախարարութեան պատկանող ցուցասրահներ պէտք է ըլլան, ինչպէս նաեւ համալիրներ, ուր կարելի է արուեստագէտները համախմբել, որովհետեւ անոնք Պեքաայի գեղեցիկ պատկերը կը ներկայացնեն:

Մըրատ կոչ ուղղեց Տաուտին որդեգրելու Պեքաայի մէջ բացայայտուած հնութիւնները եւ շրջանը վերածելու զբօսաշրջական վայրի:

Իր կարգին, Տաուտ յայտնեց, որ իր եւ նախարար Մըրատի միջեւ հեզասահ գործակցութիւն կայ` աւելցնելով, որ ինք եւ Մըրատ կը ջանան նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել` նկատի ունենալով այդ յարաբերութիւններուն պատմական ըլլալու իրողութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Տաուտ բարձր գնահատեց Մըրատի գործունէութիւնը` ընդգծելով մարդակերտումի նպատակով անոր կատարած ներդրումները` պատրաստելու համար սերունդներ, որոնք վայել են Լիբանան հայրենիքին:

Ան ընդգծեց, որ մշակոյթի նախարարութիւնը ճիգ չի խնայեր պահպանելու համար երկրին մշակութային գանձերը` հնութիւնները: Ան աւելցուց, որ Լիբանանը պաշտպանելը իւրաքանչիւր լիբանանցիի պարտականութիւնն է` հաստատելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանին եւ անոր հնութիւններուն պահպանումին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռայի. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Գանձ Մըն Է, Որուն Կառչած Կը Մնանք»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?