Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Այսօր Պիտի Այցելէ Թրիփոլի

July 6, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ այսօր պիտի այցելէ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Թրիփոլիի խորհուրդին հետ:

Թրիփոլիէն ետք Պասիլ պիտի ուղղուի Աքքար, ապա Ռըշհին եւ Զղարթա:

Թրիփոլիի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ խորհուրդ տուաւ Պասիլին յետաձգելու Թրիփոլի իր այցելութիւնը` աւելցնելով, որ ինք պիտի չընդունի Պասիլը:

Իր կարգին, նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի Պասիլը կոչեց քրիստոնեաներուն ՏԱՀԵՇ-ը:

Այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Պասիլ ազատ է այցելելու իր փափաքած շրջանը` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ հարց կը գտնէ Պասիլի Թրիփոլի այցելութեան իմաստով:

Ապահովական աղբիւրներ իրենց կարգին հաստատեցին, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացուց Անտոնեան համալսարանի աւարտական հանդէսին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ այդ համալսարանը նման է Լիբանանին, որովհետեւ ան կը կրէ Արեւելքի ինքնութիւնը, եւ հոն կը յաճախեն տարբեր պատկանելիութեան տէր ուսանողներ:

Ան ուսանողները յորդորեց վստահելու իրենց ուժերուն եւ գիտութեան` աւելցնելով, որ պէտք չէ վստահիլ քաղաքական միջնորդութեան, աւատապետութեան, համայնքային դրութեան` խոստանալով աշխատանքի առիթներ ապահովել Լիբանանի երիտասարդութեան:

Պասիլ խնդրեց աւարտական սերունդէն զիրենք մղելու, որ երազեն` աւելի լաւ հայրենիք մը կերտելու համար: Պասիլ անոնցմէ խնդրեց հաշուետուութեան կանչել իշխանութիւնները եւ փտածութեան հեղինակները:

«Մեր այսօրուան պայքարը պետութեան եւ բռնի ուժի միջեւ հասկացողութիւններուն պայքարն է: Մեր այսօրուան պայքարը հաստատութիւններու եւ խուլիկանութեան ուղեգիծերու միջեւ պայքարն է: Սակայն  կը հաստատեմ ձեզի, որ չար ուժերը պիտի չկարենան յաղթել բարի ուժերուն», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Պու Սաապ Բրիտանական Պատուիրակութեան Հետ Արժեւորեց Սահմանային Իրագործումները

Յաջորդը

Պաղեստինեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Սամիր Ժահժահի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.