Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս վերահաստատեց, որ ինք կը մերժէ աղբերու հրկիզման գործարանի հիմնումը` հաստատելով, որ կը մերժեն Պէյրութի կամ որեւէ այլ շրջանի մէջ իրենց զաւակներուն առողջութիւնը վտանգող ընտրանքները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանան կարողութիւնը ունի պետական գանձարկղի նիւթական բացը 5 տարուան ընթացքին փակելու, որովհետեւ անիկա սնանկացած երկիր չէ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ իր ընդհանուր ժողովին աւարտին Ֆարես Սաատը ընտրեց կուսակցութեան նախագահ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ այցելեց Էհմեժ, ուր ան յայտնեց, թէ հաշուետուութեան կանչելու եւ ճշմարտութիւնը ըսելու ժամանակը հասած է: Ան աւելցուց, որ իրենք բնաւ բախումներու եւ ներքին լիբանանեան քաղաքական տագնապներու մէջ պիտի չներքաշուին:

ՀԶՕՐ հանրապետութեան պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանը կարելի է կառուցել, եթէ իրենք իրենց գործակցութեան ձեռքը երկարեն տիւրզի եւ իսլամ իրենց եղբայրներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի շեշտեց, որ Լիբանանը կարելի չէ կարգախօսներով փրկել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ մերժեց քաղաքական բառամթերքին մէջ «մենք» եւ «դուք» եզրերու օգտագործումը: Ան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին միասնաբար ապրիլ` մէկ հայրենիքի մէջ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ ընդգծեց, որ Մուխթարա մեծ հոգատարութեամբ կը պահպանէ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց հարցերուն հետ վարուելու հանդարտութեամբ եւ վերջ տալու սադրանքներ նախապատրաստող յայտարարութիւններուն ու կեցուածքներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր ընդգծեց, որ պետական եւ սեփական մարզերուն գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկրին տնտեսական տագնապը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ խստիւ կը մերժեն, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր անձնական հաշիւներուն պատճառով խանգարէ կառավարութեան աշխատանքի բնականոն ընթացքը: Ան նշեց, որ Պասիլ զիրենք փոխադրած է 50 տարի առաջ` զարմանք յայտնելով, որ արդեօք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն համաձա՞յն է եւ կը զօրակցի՞ Պասիլի այս քայլերուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը պատմական է եւ աւելի հզօր, քան որեւէ այլ քաղաքականութիւն կամ քաղաքական նեղլիկ շահեր:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, ամբողջ Լիբանանի մէջ իրարու ճանչնալու եւ ուրիշը ընդունելու, առանց դիմադրութեան եւ հարցեր ստեղծելու:

 

Նախորդը

Բարի Լոյս Թիւ 43. Ամավերջի Հանդէսներէն Ետք…

Յաջորդը

Մըրատ. «Մեր Կարողութիւնները Կը Զետեղենք Մշակոյթի Նախարարին Տրամադրութեան Տակ»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.