Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երիտասարդութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ իրենց նախահայրերէն ժառանգած են գեղեցիկ, բայց յոգնած հայրենիք մը: Ան աւելցուց, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր այդ հայրենիքը իրենց զաւակներուն կտակելու աւելի լաւ վիճակի մէջ եւ աւելի գեղեցիկ պատկերով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ տարբեր ըլլալը օրհնութիւն է եւ ոչ թէ անէծք: «Կարեւորը այդ օրհնութիւնը տնօրինելու միջոցն է եւ ընդունիլ տարբերութիւնները, այլ խօսքով` ընդունիլ ուրիշը իր տարբերութեամբ, որովհետեւ անոնք բոլորը կը պատկանին մարդկային ընկերութեան», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կրօնի ազատութիւնը եւ քաղաքական գաղափարի ազատութիւնը սուրբ են: Ան աւելցուց, որ խօսքի ազատութեան սահմանը պարկեշտութիւնն է: «Մարդ արարածը խօսքի ազատութեան իրաւունքը կը վայելէ, սակայն տարաձայնութիւններն ու վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները ազատութեան մաս չեն կազմեր, որովհետեւ անոնք ուրիշին իրաւունքներուն դէմ յարձակում եւ արժանապատուութեան վիրաւորանք կը նկատուին», հաստատեց նախագահ Աուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Զահլէ-Ֆըրզոլ-Պեքաայի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը` ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան: Ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ երեսփոխան Միշել Տահեր:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Ալէյի մէջ պատահածը պէտք չէ կրկնուի` աւելցնելով, որ տարբեր շրջաններու մէջ լիբանանցիներուն` յատկապէս ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն փոխադրութիւնը պէտք է երաշխաւորուի:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւնը հաստատ է` ընդգծելով, որ ոչ ոք պէտք է այդ հաշտութեան խախուտ ըլլալուն մասին վախ ցուցաբերէ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին անցեալ երկուշաբթի օր տուած որոշումները պիտի գործադրուին: Ան նշեց, որ խորհուրդին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը բոլորին ուղղուած պատգամ մըն է:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի ապահովական միջադէպին մեղսակցած յանցագործները պէտք է դատական իշխանութիւններուն յանձնել, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւն պարտադրել: