Միւֆթի Տըրիան Բարձր Գնահատեց Իպրահիմի Ջանքերը` Լեռնալիբանանի Միջադէպի Լուծման Վերաբերեալ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լեռնալիբանանի միջադէպի լուծման գծով ի գործ դրուած ջանքերը: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատեց Լեռնալիբանանի միջադէպին լուծման վերաբերեալ Իպրահիմի ճիգերը: Տըրիան նշեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններն ու ղեկավարները որքան ալ տարակարծիք ըլլան, կը մնան նոյն երկրին...




















