Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաալշմայի Մէջ Սամեր Ապու Ֆարաժի Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին

July 8, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերը կը շարունակուին, հակառակ անոր որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի շքախումբին դէմ կրակ բանալու հարցը կը շարունակէ մնալ փշոտ խնդիր` Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու առումով:

Միւս կողմէ, շաբաթ կէսօրին Պաալշմայի մէջ կատարուեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սամեր Ապու Ֆարաժի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, նախարար Ղարիպ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, ինչպէս նաեւ շրջանին հեղինակութիւնները, կուսակցականներ եւ համակիրներ:

Այս առիթով Արսլան իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ իրենք սադրանքներ չեն նախապատրաստեր, սակայն ո՛վ որ իրենց դէմ կը գործէ պէտք է այդ սխալին գինը սուղ վճարէ: «Ասիկա իրաւունք է, այլապէս բոլորս անտառի օրէնքով կրնանք ապրիլ», ըսաւ ան:

Արսլան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջեց անդրադառնալ տիրող իրավիճակին վտանգին եւ Քապըր Շմունի միջադէպին ծանրութեան:

Արսլան հաստատեց, որ իրենք ոխակալ չեն, սակայն եթէ ձգձգում շօշափեն, ապա ոչ ոքի կրնան ներկայացնել եւ ոչ ոքի արարքներուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է Լեռնալիբանանի միջադէպին թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցել եւ ապա իրենք պատրաստ են ամէն բանի շուրջ խորհրդակցելու:

«Քապըր Շմունի մէջ արիւն թափած նահատակներուն հարցը մեր ճիտին պարտքն է: Ո՛վ որ այս հարցին քաղաքական ենթահողով կը մօտենայ, ապա մեզի պիտի տեսնէ իր դիմացը», շեշտեց Արսլան:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Թրիփոլի Այցելութիւնս Պիտի Մնայ Խորհրդանշական, Որովհետեւ Կը Մերժենք Լիբանանը Մասնատել»

Յաջորդը

Ըստ Թուրքիոյ Մէջ Կատարուած Հարցախոյզի Մը. Հայաստանը Թուրքիոյ Համար Ամէնէն Շատ Վտանգ Ներկայացնող Երկիրներու Շարքին Է

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.