Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական իրադարձութիւնները:
Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Վարչապետին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Խալետ Տահեր:
Միւս կողմէ, վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան տեղեակ չէ նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք կառավարութեան հաւանական նիստի մը մասին:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Լեռնալիբանանի դէպքերուն հետեւանքները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան ամբողջ երկրին վրայ: