Երէկ Կէս Գիշերին Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպին Մեղսակցած Երկու Յանցագործներ Յանձնուեցան Ընդհանուր Ապահովութեան
Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը լուծելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ կէս գիշերին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն յանձնուած են զինեալ միջադէպին մեղսակցած երկու յանցագործները: Ան աւելցուց, որ հարցը լուծման ճամբուն վրայ կը գտնուի:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Շահհարի միջադէպին հարցով երկու կասկածելիներ յանձնուեցան ապահովութեան ուժերուն:
Ան աւելցուց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է ճշդեն, թէ անոնք որքանո՛վ պատասխանատու են այդ դէպքին համար, որ պատահեցաւ, երբ շքախումբ մը անցաւ եւ անզէն քաղաքայիններու դէմ կրակ բացաւ Պասաթին գիւղաքաղաքին մէջ: «Հետեւաբար անոնց կեցուածքը եղաւ ինքնապաշտպանութիւնը: Մի՛ վախնաք, Պասաթինի բնակիչնե՛ր. իրաւունքի տէրը մենք ենք, ընդմի՛շտ», ընդգծեց Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, երէկ Ռամլիէ գիւղաքաղաքին մէջ կատարուեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ռամի Սալմանի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, ինչպէս նաեւ շրջանին հեղինակութիւնները, կուսակցականներ եւ համակիրներ:
Այս առիթով Արսլան իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի միջադէպի հարցին լուծումը Սահմանադրական խորհուրդով կը սկսի:
«Ոչ մէկ կրակոց պիտի ընդունիմ, սակայն պետութիւնը պէտք է ստանձնէ իր ամբողջական պատասխանատուութիւնը, այլապէս` ես ոչ մէկ պատասխանատուութիւն պիտի կրեմ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ուահապ յայտնեց, որ Քապըր Շմունի ոճիրը Սահմանադրական խորհուրդ փոխանցելու պահանջին մերժումը կը փաստէ, որ այդ գործողութիւնը իսկապէս ծրագրուած էր եւ նախարարին դէմ մահափորձ կը նկատուէր:
Նշենք, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սամեր Ապի Ֆարաժի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, անոր ծննդավայրին` Պաալշմիէ գիւղաքաղաքին մէջ: