Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Պաալպեք

July 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Սեզար Մաալուֆի, այցելեց Պաալպեք, ուր շրջեցաւ ծաղիկներու եւ Պաալպեքի ձեռարուեստի յատուկ ցուցահանդէսին եւ շրջանի զբօսավայրերուն մէջ:

Նախարար Կիտանեան այցելեց նաեւ Պաալպեքի բերդն ու հնութիւնները:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք ուրախ է իր կատարած այցելութեամբ, որովհետեւ կրցած է տեսնել Պաալպեքի եւ Ռաս Այնի գեղեցիկ պատկերը, «որ դժբախտաբար չենք կրնար յաւուր պատշաճի ներկայացնել` քաղաքական հարցերուն եւ բանավէճերուն պատճառով», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ ինք համոզուած է, որ այդ բանավէճերը ոչ մէկ ձեւով պիտի զօրակցին զբօսաշրջութեան մարզին եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի նպաստեն այդ շրջանին մէջ գտնուող գեղեցկութեան դրսեւորումին:

Նախարար Կիտանեան շնորհաւորեց ցուցահանդէսը կազմակերպողները եւ բոլոր անոնք, որոնք Պաալպեքի մէջ եւ այլ շրջաններէ օժանդակելով կրցած են յաջողցնել զայն: «Մենք կարողութիւն ունինք շրջանցելու տիրող պայմանները եւ հաստատելու, որ զբօսաշրջութիւնը, գեղեցիկ պատկերն ու գործակցութիւնը պիտի մնան, ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պիտի մնան, եւ անոր վառ օրինակը այսօր մեր ներկայութիւնն է Արեւի քաղաքին մէջ, ուր կը հաստատենք, որ մեզի ոչինչ պիտի ցնցէ», յայտնեց նախարար Կիտանեան:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ հակառակ եւրոպական երկիրներուն կողմէ կատարուած այն բոլոր զգուշացումներուն` Պաալպեք այցելութեան վերաբերող, Պաալպեքի հնութիւնները կ՛այցելեն մեծ թիւով եւրոպացիներ, որոնք կը գերազանցեն լիբանանցիներուն թիւը: «Ասիկա ցուցանիշ է Պաալպեքի եւ պաալպեքցիին վեհութեան», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան նկատել տուաւ, որ փառատօները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ անոնք հիմնական ազդակներն են ներքին լիբանանեան զբօսաշրջութեան:

«Տակաւին նախանցեալ օր Պաալպեքի մէջ վկայեցինք երեք հազար հոգի հաշուող փառատօն մը, որ կը փաստէ, թէ մարդիկ տակաւին պատրաստ են եւ յաջողութեամբ փառատօներ կը կազմակերպեն», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Ժահժահի

Յաջորդը

Պասիլ. «Թրիփոլի Այցելութիւնս Պիտի Մնայ Խորհրդանշական, Որովհետեւ Կը Մերժենք Լիբանանը Մասնատել»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.