Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Փափաքինք Կերտել Քաղաքացիական Պետութիւն Մը, Սակայն Մինչ Այդ Պիտի Չզիջինք Հաւասար Ներկայացուցչութեան Իրաւունքէն» Շեշտեց Պասիլ
Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք Արսլան յայտնեց, որ ինք ներկաները տեղեակ պահած է Պաապտայի հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին: Ան ընդգծեց, որ իրենք հաստատ կը մնան...




















