Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժամանակաւորապէս Պիտի Փակենք Այն Գործարանները, Որոնք Կենսոլորտի Պահպանման Չափանիշները Չեն Ամբողջացներ» Շեշտեց Ուաէլ Ապու Ֆաուր

August 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երրորդ մակարդակի գործարաններու ստուգման արարողութեան երկրորդ փուլը աւարտած է արդէն` աւելցնելով, որ անիկա դուրս եկած է բաւական քաջալերական արդիւնքներով:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենց աղբերուն յատուկ զտարաններ զետեղելու կոչին ընդառաջած են մեծ թիւով գործարաններ:

Ան նշեց, որ 49 գործարաններ արդէն իսկ կենսոլորտի պահպանման առումով բոլոր չափանիշները կ՛ամբողջացնեն, իսկ 12 այլ գործարաններ այս իմաստով ոչ մէկ յանձնառութիւն ստանձնած են, «հետեւաբար անոնք պիտի փակուին»:

Ապու Ֆաուր նշեց, որ Լիթանի գետին մէջ ապականումը զերօ մակարդակի հասցնելու նպատակին իրագործումին համար, ժամանակաւորապէս պիտի փակուին այն գործարանները, որոնք կենսոլորտի պահպանման չափանիշները չեն ամբողջացներ:

Ան նշեց, որ կան այլ գործարաններ, որոնք զգուշացումներ պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ կան այլ գործարաններ, որոնք պիտի վերաբացուին, որովհետեւ արդէն իսկ սկսած են կենսոլորտի պահպանման չափանիշները ամբողջացնել:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարին համար տրուելիք ամէնէն դժուար որոշումը գործարան մը փակելու որոշումն է, սակայն անիկա անհրաժեշտ է եւ տրուած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէ ետք` պաշտպանելու համար կենսոլորտը:

Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարութեան` զգուշանալու Լիթանիի մէջ նետուող հիւանդանոցներու աւելցուկներէն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մինչեւ սեպտեմբերի աւարտը մաքրելու Լիթանի գետը:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ այս իմաստով քաղաքապետարանները իրենց կարգին աշխատանքներ ունին կատարելիք, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարութեան նահանգապետներն ու քաղաքապետները հրաւիրելու նիստի մը` պահպանելու համար գետը եւ մաքրելու անոր ապականումը:

Նախորդը

«Լիբանանեան-Սէուտական Դիւանագիտական Յիշողութեան» Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ . «Կ՛ընդառաջենք Ռայի Պատրիարքին Առաջադրած Որեւէ Նախաձեռնութեան, Որ Կը Պաշտպանէ Լեռնալիբանանը» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.