Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Արտ» ընկերութիւնը ներկայացուց Պուրճ Համուտ-Տորա շրջանին մէջ կառուցուելիք կոյաջուրերու զտարանին ծրագիրը` կատարելով անոր ունենալիք կենսոլորտային ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն արժեւորումը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Ալեն Աուն, Էտկար Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա եւ Էլիաս Հանքաշ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցիչ Շարլ Սապա, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Խալետ Նախլէ, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուի, Լեռնալիբանանի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետ Նեպիլ Քահհալէ, Ֆանարի քաղաքապետ Ժորժ Սալամէ, Պիաքութի քաղաքապետ Իսամ Զէյթուն, Մթայլեպի քաղաքապետ Փոլ Շտիտ, Պշարրէի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Էլի Մախլուֆ, «Սոտեթել»-ի տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան, Զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Ասի Ֆիտաուի, «Արտ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Իտ, «Խուրի» ընկերութեան եւ տարբեր ընկերութիւններ ներկայացնող այլ պատասխանատուներ:
Հանդիպումը բացուեցաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ ան ողջունեց ներկաները` յայտնելով անոնց, որ կենսոլորտը այնպիսի թղթածրար մըն է, որուն սահմանները անծայրածիր են` ցամաքամասերու եւ երկիրներու պարագային, իսկ այս պարագային` քաղաքապետարաններու սահմաններուն մէջ:
«Ապականումը կը շրջանցէ բոլոր սահմաններն ու շրջանները եւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ բոլորին կեանքերուն վրայ, եւ անոր սահմանները Լիբանանէն շատ աւելի հեռու վայրեր կ՛երթան: Այս պատճառով ալ կը հաստատենք, որ անիկա հաւաքական պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, որովհետեւ անիկա կը վերաբերի իւրաքանչիւր անհատի, ընկերութեան եւ ամբողջ երկրագունդին: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած է այս հանդիպումը` ներկայացնելու համար կոյաջուրերու եւ անոնց պատճառած գարշահոտութեան թղթածրարը, որ կը վերաբերի նաեւ Պէյրութի եւ անոր արեւելեան ու հիւսիսային շրջաններուն», ըսաւ ան` մաղթելով, որ հանդիպումը դրական արդիւնքներու յանգի եւ գոհ պահէ բոլոր խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւնները:
Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որ կ՛անդրադառնար Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ շրջանի ապագայ ծրագիրին եւ այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ երբ երկիրը աղբերու տագնապը կը դիմագրաւէր, հարցը քաղաքական չարաշահումի ենթարկուեցաւ, եւ ոմանք մոռցան, որ կենսոլորտն ու ժողովուրդին առողջութիւնը անգոյն են:
«Աղբերուն հարցը այլեւս մեր ետին կը գտնուի, եւ այսուհետեւ կարելի չէ ժամանակաւոր լուծումներու մասին խօսիլ», ըսաւ Մ. Պօղոսեան:
Ան անդրադարձաւ կոյաջուրերու զտարանին կառուցման` հաստատելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը յանձնառու է հիմնելու արհեստագիտական իմաստով յառաջացած զտարան մը, որ ժողովուրդին եւ կենսոլորտին վնաս չի հասցներ:
Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ պէտք է այդ ծրագիրին ամբողջական ֆինանսաւորումը ապահովել, ընդգծելով, որ այս ծրագիրին գործադրութիւնը միայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատասխանատուութիւնը չէ, այլ նաեւ միացեալ պատասխանատուութիւն է Պուրճ Համուտի եւ մնացեալ շրջաններուն միջեւ:
«Կարեւորը այն է, որ բարգաւաճումը քաղաքականութենէն անջատենք եւ բոլորին գործակցութեամբ լաւագոյնը կրնանք իրականացնել», ըսաւ ան:
Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուի ներկաներուն յայտնեց, որ այս հանդիպումին ընթացքին անոնց դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ իրենց դիտողութիւնները ներկայացնել կենսոլորտային եւ ընկերային առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել զտարանի կառուցման ծրագիրին բերումով ոեւէ անհատի հասնելիք վնասը:
Իր խօսքը ուղղելով զտարանի ծրագիրի կառուցումը ստանձնած ընկերութեան` Մաքքաուի նշեց, որ անոնք ստիպուած են նկատի ունենալու բոլոր դիտողութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւններ տալու, ինչպէս նաեւ համպատասխան քայլերու դիմելու` մեղմացնելու համար կենսոլորտային եւ ընկերային վտանգները, եւ ի հարկին հատուցումներ կատարելու, եթէ ոեւէ մէկը տուժէ այդ ծրագիրէն:
Մաքքաուի նշեց, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ մըն է` թեթեւցնելու կենսոլորտին վրայ այդ ծրագիրին ունենալիք վատ ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ որդեգրելու այնպիսի քայլեր, որոնք կ՛երաշխաւորեն ծրագիրին պատճառելիք հաւանական ընկերային վնասները:
Մաքքաուի շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` անոր կազմակերպած այս հանդիպումին առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց անոր կողմէ հանրային կարծիքը նման ծրագիրներու եւ անոնց անցնելիք փուլերուն, յատկապէս առաջին փուլին մասին տեղեակ պահելու օրէնքին գործադրութիւնը:
Մեծն Պէյրութի կոյաջուրերու զտարանին ծրագիրը ներկայացուցին Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Ասի Ֆիտաուի եւ «Արտ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Իտ, որոնք ներկայացուցին զտարանի ծրագիրը` հաստատելով, որ մինչեւ 2022 այդ զտարանի կառուցման առաջին փուլը աւարտած պիտի ըլլայ, իսկ առաւելագոյնը մինչեւ 2030 կարելի պիտի ըլլայ աւարտել զտարանին երկրորդ փուլը, որպէսզի ամբողջական ըլլայ կոյաջուրերու զտման աշխատանքը:
Անոնք նկատել տուին, որ ներկայիս կը կատարուի զտարանի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքը, որ պիտի աւարտի 2020-ին:
Առաջին փուլին պարագային զտարանը կոյաջուրերը պիտի հասցնէ մինչեւ 1700 մ ծովուն խորերը` առանց զտելու զանոնք, իսկ երկրորդ փուլին պարագային է, որ այդ ջուրերը զտուած պիտի ըլլան, եւ ծովային հարստութիւնն ու կեանքը կարելի պիտի ըլլայ պահպանել:
Ֆիտաուի եւ Իտ յայտնեցին, որ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, Պուրճ Համուտ – Տորա շրջանին մէջ կառուցուելիք զտարանը կ՛ամբողջացնէ ծովերու պահպանման Պարսելոնայի միջազգային համաձայնագիրին բոլոր չափանիշները:
Անոնք ընդգծեցին, որ «Արտ» ընկերութիւնը զտարանին գործադրութեան ընթացքին արձակուող գարշահոտերու հարցը եւս պիտի լուծէ` կառուցելով այլ գործարան մը, որուն պարտականութիւնն է նուազեցնել այդ հոտերը:
Անոնք հաստատեցին, որ զտարանը ոչ մէկ վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ կենսոլորտին վրայ:
Նշենք, որ զտարանին մէջ պիտի թափին 800 հազար բնակիչներու կոյաջուրերը, Պէյրութի Շամ պողոտայէն մինչեւ արեւելեան Պէյրութ եւ հասնելով մինչեւ ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Պիքֆայայի եւ Պրըմաննայի շրջանները:
Զտարանին տարածութիւնն է 65 հազար քառ. մեթր, իսկ նախապատրաստական աշխատանքներուն համար կատարուած նուազուրդին ընթացքին արդէն իսկ ապահովուած է 23 միլիոն եւրոյի գումար մը` սկսելու համար այդ զտարանին կառուցումը:
Ֆիտաուի եւ Իտ ընդգծեցին, որ տարեկան առումով զտարանէն դուրս գալիք վնասազերծուած թափօնները 7-21 հազար խորանարդ մեթր են, անոնք պիտի տեղադրուին թափօններու թաղման վայրերու մէջ:
Հանդիպում-քննարկումին աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: