Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանը ներկայացնող ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, որ ընդառաջած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թայմուր Ժոմպլաթի:
Պատուիրակութեան նախագահեց Տալիա Ժոմպլաթ, որ կը ներկայացնէր իր հայրն ու եղբայրը` Ուալիտ եւ Թայմուր Ժոմպլաթները:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններ, Շուֆի քաղաքապետներ եւ թաղապետներ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը ցնցումներու պիտի չենթարկուի, նոյնիսկ եթէ քաղաքական տարակարծութիւններ ունենան: «Աւետիսը այն է, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք այս իրավիճակէն դուրս գալու համար: Ժողովրդավարական վարչակարգի մէջ քաղաքական տարակարծութիւնը բնական է, սակայն անիկա չի նշանակեր հայրենիքին նկատմամբ տարակարծութիւն ունենալ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ մարդ արարածը իր ունեցած տարբեր կարծիքներուն շնորհիւ հարուստ կը նկատուի: «Հարստութիւնը փոխադարձ կրնայ ըլլալ, երբ մարդիկ ճիշդ բաներու շուրջ իրարու կը զօրակցին, իսկ սխալներէն կը հեռանան», շեշտեց ան:
Նախագահ Աուն ուրախութիւն յայտնեց, որ ինք Շուֆի եւ Պէյթէտտինի մէջ կը գտնուի` նշելով, որ Քապըր Շմունի միջադէպին հետեւանքները շրջանցելը ողջունելի է: Ան աւելցուց, որ ճիգ պիտի չխնայեն, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ այդ միջադէպին պատճառած բոլոր ցաւերը ամոքել:
Հանդիպումէն ետք Տալիա Ժոմպլաթ նախագահ Աունին փոխանցեց իր հօր եւ եղբօր ողջոյնները` նշելով, որ անոնք ճամբորդութենէն վերադարձին պիտի այցելեն նախագահ Աունի:
Տալիա Ժոմպլաթ ողջունեց նախագահ Աունի Շուֆ փոխադրութիւնը` հաստատելով, որ անոր ներկայութիւնը Լեռնալիբանանի հաշտութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը կ՛ամրապնդէ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զիրենք ընդունելուն առիթով:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախագահ Աունի Պէյթէտտին փոխադրութիւնը Լեռնալիբանանի եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը նկատուի:
Իր կարգին, նախարար Շեհայէպ հաստատեց, որ Ուալիտ եւ Թայմուր Ժոմպլաթներ նախագահ Աունի հետ պիտի հանդիպին Լիբանան վերադառնալէ ետք:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ նախագահ Աունի Պէյթէտտին գտնուիլը Լեռնալիբանանի ազգային միասնականութեան պատկերը կ՛արտացոլէ:



