Լիբանանեան

Լարիճանի. «Լիբանանցիները Եւ Հըզպալլան  Ամերիկացիներուն Եւ Սիոնականներուն  Ցնցիչ Ապտակ Մը Հասցուցին»

Լարիճանի. «Լիբանանցիները Եւ Հըզպալլան Ամերիկացիներուն Եւ Սիոնականներուն Ցնցիչ Ապտակ Մը Հասցուցին»

Յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին 13-ամեակին առիթով, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտնեց, որ լիբանանցիները եւ Հըզպալլան ամերիկացիներուն եւ սիոնականներուն ցնցիչ ապտակ մը հասցուցած են: Ան նշեց, որ 2006-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած այդ պատերազմին նպատակն էր յառաջացնել Նոր Միջին Արեւելք մը, որ ծրագրուած էր ամերիկացիներուն կողմէ, «սակայն Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը ձախողեցաւ եւ վերածուեցաւ Դիմադրող Միջին Արեւելքի», հաստատեց ան: Լարիճանի իր խօսքը...

Հանրապետութեան Հանդիպում. «Պատգամ Երկիր  Լիբանանը Արժանի Չէ, Որ Իր Պատմութիւնը Ջնջուի,  Եւ Յարաբերութիւնները Քանդուին»

Հանրապետութեան Հանդիպում. «Պատգամ Երկիր Լիբանանը Արժանի Չէ, Որ Իր Պատմութիւնը Ջնջուի, Եւ Յարաբերութիւնները Քանդուին»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի հերթական նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի պատկերը ներքին եւ արտաքին իմաստով կ՛աղաւաղուի: Հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց, որ անմիջական փոփոխութիւններ կատարուին պետութեան վարուելակերպին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն նուազագոյն վստահութիւնը վերականգնել: «Պատգամ երկիր Լիբանանը արժանի չէ, որ իր պատմութիւնը ջնջուի եւ յարաբերութիւնները քանդուին», հաստատեց Հանրապետութեան հանդիպումը:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ներկայ փուլին առաջնահերթութիւնը երկրին տնտեսական իրավիճակին ամրապնդումն է: ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթայշ յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ պետական ամավարկի ծախսերը 7,6 առ հարիւրով նուազեցնելու իր որոշումին: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կարողութիւն ունի գործադրելու այդ որոշումը: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու...

«Լիբանանի, Դիմադրութեան Եւ Ոսկեայ  Տարազին Ուժն Է, Որ Տապալեց Թշնամին  Եւ Կերտեց Ապահովական Կայունութիւնը»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Լիբանանի, Դիմադրութեան Եւ Ոսկեայ Տարազին Ուժն Է, Որ Տապալեց Թշնամին Եւ Կերտեց Ապահովական Կայունութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ վերջերս` տօնական օրերուն ընթացքին դէպի հարաւային Լիբանան ուղղուած բնակիչներուն եւ իրենց գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն մէջ իրենց արձակուրդը հանգիստ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ վայելած պահերուն, որոնք զուրկ...

Պէյթէտտինի Մէջ.  «Եթէ Մեզի Դէմ Դարձեալ Պատերազմ Սանձազերծուի`  Յաղթանակը Անգամ Մը Եւս Պիտի Կրկնուի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Պէյթէտտինի Մէջ. «Եթէ Մեզի Դէմ Դարձեալ Պատերազմ Սանձազերծուի` Յաղթանակը Անգամ Մը Եւս Պիտի Կրկնուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ փոխադրուեցաւ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոց: Նշենք սակայն, որ Շուֆէն Պէյթէտտին տանող ճամբուն վրայ զետեղուած` նախագահ Աունի Պէյթէտտին ժամանումը ողջունող եւ անոր բարի գալուստ մաղթող  պաստառներէն քանի մը հատը անծանօթներու կողմէ պատռտուած էին Մուլթաքա Նահրէյնի մօտակայքը: Ի տես այս տհաճ երեւոյթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ նախագահ Աունը...

Ուաշինկթընի Մէջ.   Հարիրի – Փոմփէօ Հանդիպումը Կը Հաստատէ  Լիբանանի Նկատմամբ Ամերիկեան  Վարչակազմին Զօրակցութիւնը

Ուաշինկթընի Մէջ. Հարիրի – Փոմփէօ Հանդիպումը Կը Հաստատէ Լիբանանի Նկատմամբ Ամերիկեան Վարչակազմին Զօրակցութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի, Փոմփէոյի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Շինքըր, Փոմփէոյի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը: Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին  վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի...

«Կը Մնանք Նորանոր Յաղթանակներու  Յոյսով Լեցուն»  Շեշտեց Պըրրի

«Կը Մնանք Նորանոր Յաղթանակներու Յոյսով Լեցուն» Շեշտեց Պըրրի

Յուլիսեան պատերազմին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կատարեց դիմատետրեան հետեւեալ գրառումը. «Ինչպէս որ 2006-ի այս օրը Լիբանան կերտեց իր յաղթանակը, լիբանանցիները ամէն օր պատասխանատու են պաշտպանելու այդ յաղթանակը կերտած կարգախօսը` «Դիմադրութիւն, բանակ, ժողովուրդ»: Կը մնանք նորանոր յաղթանակներու յոյսով լեցուն: Փա՛ռք Դիմադրութեան մարտիկներուն»: Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մաաթուք ընտանիքին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց զաւկին`...

Հիւսէյն Ֆշէյխի Դիակը  Փոխադրուեցաւ Լիբանան

Հիւսէյն Ֆշէյխի Դիակը Փոխադրուեցաւ Լիբանան

Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր երէկ առաւօտեան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Կինէայի մէջ արկածի պատճառով մահացած լիբանանցի քաղաքացի Հիւսէյն Ֆշէյխի դիակը, որ փոխադրուեցաւ անոր ծննդավայրը` Տըննիէի Պաթըրմազ գիւղաքաղաքը: Խէյր յոյս յայտնեց, որ այս տխուր պատահարը կ՛ըլլայ արտերկրի լիբանանցիներուն պատահող վերջին միջադէպը: Նշենք, որ Կինէայի մէջ ապրող լիբանանցի երիտասարդ Հիւսէյն Ֆշէյխ Քոնաքրի գետին մէջ խեղդամահ եղած էր`...

Հըզպալլա Առաջադրեց  Սուրի Մէջ Իր Թեկնածուն

Հըզպալլա Առաջադրեց Սուրի Մէջ Իր Թեկնածուն

Հըզպալլա հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուրի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածուն է շէյխ Հասան Իզզէտտինը: Իզզէտտին յայտնեց, թէ Սուրի մէջ ինք թեկնածու է շիի համայնքին աթոռին, որուն շուրջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:  

Ժահիլիայի Մէջ.   Ուիամ Ուահապի Վիրաւորանքները Յանգեցուցին  Զինեալ Միջադէպի` Պատճառելով Մոհամետ  Ապու Տիապի Սպանութիւնը

Ուահապ. «Քաթարի Մէջ Թրքական Խարիսխի Մը Հաստատումը Արաբ Ազգին Դէմ Դաւադրութեան Նոր Օղակ Մը Կը Նկատուի»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Քաթարի մէջ թրքական խարիսխի մը հաստատումը արաբ ազգին դէմ դաւադրութեան նոր օղակ մը կը նկատուի: Ան կոչ ուղղեց վերյիշելու 1980-ական թուականներուն Իրաքի մէջ հաստատուած թրքական խարիսխները: «Չկայ վայր մը, ուր ախորժակը սրած օսմանցին մուտք գործած է եւ ապա նահանջած», ըսաւ Ուահապ` աւելցնելով, որ Քաթարի...

«Խիստ Կարիքը Կայ Լիբանանը Վերաշխուժացնող  Ազգային Բարեկարգումի Կեցուածքի Մը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

«Խիստ Կարիքը Կայ Լիբանանը Վերաշխուժացնող Ազգային Բարեկարգումի Կեցուածքի Մը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին: Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս առիթով պատրիարքներն ու երկրին իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցիչները կը հաւաքուէին Քաննուպինի հովիտին մէջ եւ կը շեշտէին Արեւելքի մէջ մարոնի համայնքին կարեւորութիւնը` ընդգծելով անոնց ապահովութիւնը, ազատութիւնն ու իւրայատկութիւնները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը: Ռայի պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ, եթէ կառավարութիւնը խորքային բարեկարգումներու չդիմէ, ապա Լիբանան շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ պիտի ըլլայ: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր հիւանդանոցները մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն` շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը: Ան ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` ապահովելու համար հիւանդանոցներուն իրաւունքները: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ իրենք հանգիստ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ վաղը` ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 17 օգոստոսին:  

Նախագահ Աուն Տըրղամի Եւ Հիւսէյնի Հետ  Քննարկեց Աքքարի Կարիքները

Նախագահ Աուն Տըրղամի Եւ Հիւսէյնի Հետ Քննարկեց Աքքարի Կարիքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վաղը` ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին պիտի փոխադրուի Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոց: Միւս կողմէ, երէկ նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահը շարունակեց քննարկել լիբանանեան շրջաններուն կարիքները, ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր: Նախագահ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Ասաատ Տըրղամն ու Մուսթաֆա Հիւսէյնին, որոնց հետ քննարկեց Աքքարի կարիքները, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի եւ «Սետր»-ի ծրագիրները:...

Վարչապետ Հարիրի Այսօր  Պիտի Հանդիպի Փոմփէոյին

Վարչապետ Հարիրի Այսօր Պիտի Հանդիպի Փոմփէոյին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթընի մէջ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ: Միւս կողմէ, Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Մարշըլ Փիլինկսլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին դէմ դնելու պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ Փիլինկսլի հանգստութիւն յայտնեց Կեդրոնական դրամատան եւ լիբանանեան դրամատուներու գործունէութեան մասին: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան...

Ռաատ. «Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Մեզի Դէմ  Նոր Պատերազմ Սանձազերծելու,  Իսկ Դիմադրութիւնը Պատրաստ Է Հակադարձելու»

Ռաատ. «Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Մեզի Դէմ Նոր Պատերազմ Սանձազերծելու, Իսկ Դիմադրութիւնը Պատրաստ Է Հակադարձելու»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հարաւային Լիբանանի Հարուֆ գիւղաքաղաքին մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին ողջունեց ներքին լիբանանեան առումով գոյացած սրտբացութիւնն ու հաշտութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է նկատի ունենան Լիբանանի ռազմավարական թշնամին, որ սադրանքներ նախապատրաստելու եւ բաժանում սերմանելու իմաստով ոչինչ կը խնայէ: «Իսրայէլ կը պատրաստուի մեզի դէմ նոր պատերազմ սանձազերծելու, իսկ Դիմադրութիւնը պատրաստ է...

Ֆատի Ժրայսաթի. «Շատ Մօտ Ենք Հիւսիսային  Լիբանանի Աղբի Տագնապը Լուծելու»

Ֆատի Ժրայսաթի. «Շատ Մօտ Ենք Հիւսիսային Լիբանանի Աղբի Տագնապը Լուծելու»

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հիւսիսային Լիբանանի աղբի տագնապի լուծման: Ան նշեց, որ այդ տագնապին լուծումը մօտալուտ է` աւելցնելով, որ ոչ ոք կ՛ընդունի շրջանի բնակիչներուն առողջութեան վնաս հասցնել: «Երկրին օրէնքը սահմանած է, որ աղբահանումը ապակեդրոնացեալ դրութեամբ պէտք է կատարուի, սակայն մենք մեր պատասխանատուութիւններէն չենք խուսափիր», ըսաւ ան: Ժրայսաթի ընդգծեց, որ իրենք կը...

«Լիբանան Իր Ժողովուրդով Եւ Դիմադրութեամբ  Փաստեց Աշխարհին, Որ Իսրայէլը Կարելի Է Տապալել»  Շեշտեց Զարիֆ

«Լիբանան Իր Ժողովուրդով Եւ Դիմադրութեամբ Փաստեց Աշխարհին, Որ Իսրայէլը Կարելի Է Տապալել» Շեշտեց Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ շնորհաւորեց Լիբանանը 33-օրեայ պատերազմին արձանագրած յաղթանակին առիթով: Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր ժողովուրդով եւ Դիմադրութեամբ փաստեց աշխարհին, որ Իսրայէլը կարելի է տապալել: «Լիբանան ապացուցեց, որ սիոնական գոյացութիւնը չի կրնար իր սանձազերծած պատերազմներով եւ կրակ տեղացնելով արիւնաքամ դարձնել շրջանի ժողովուրդները», ըսաւ ան: Զարիֆ ընդգծեց, որ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը ամբողջ շրջանին յաղթանակն էր, ինչպէս նաեւ...

Սալամի. «Սուրիոյ Մէջ Հըզպալլայի Ստացած  Պատերազմական Կարողութիւնները Կը Մղեն,  Որ Ան Առանձինն Տապալէ Իսրայէլը»

Սալամի. «Սուրիոյ Մէջ Հըզպալլայի Ստացած Պատերազմական Կարողութիւնները Կը Մղեն, Որ Ան Առանձինն Տապալէ Իսրայէլը»

Իրանի պետական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի ստացած պատերազմական կարողութիւնները կը մղեն, որ ան առանձինն տապալէ Իսրայէլը: Ան հաստատեց, որ իրանցիները մոռցած են Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու յղացքը: Սալամի հաստատեց, որ Իրան պիտի չարտօնէ, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ ազատ համարձակ շրջագայի` աւելցնելով, որ Իրան պիտի շարունակէ իր պայքարը եւ պիտի բարելաւէ իր զինուորական կարողութիւնները:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունենալիք «Յաղթանակ եւ արժանապատուութիւն» փառատօնին ընթացքին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ 2020-ի պետական ամավարկի մշակման աշխատանքը մեծ թափով կ՛ընթանայ: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ քննարկեց երկու երկիրներու դատական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու...

Page 534 of 988 1 … 533 534 535 … 988

Արխիւներ