ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխաններ Միշել Մուսան եւ Իպրահիմ Ազարը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է մնայուն աշխատանք տանի` փրկելու համար երկիրը: Ան աւելցուց, որ այդ պարտականութիւնը կարելի է ամբողջացնել եւ միասնակամ աշխատանք իրագործել:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ հզօր պետութիւնը կ՛ամրապնդէ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կը փարատէ ինքնավստահութեան պակասը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց երկրին մէջ հաշտութեան մթնոլորտը թարմացնելու եւ միշտ գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ ջանքերուն արդիւնքները ընդհանրացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ երկրին սահմանագծումին առումով կատարուող բանակցութիւնները Լիբանանի իրաւունքները պաշտպանելու ճիշդ առանցքը կը նկատուին:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ամմար Հուրի յայտնեց, որ հաշտութիւնը փաստած է, թէ առանց հաղորդակցութեան, եսի յաղթահարումին եւ կուսակցական նեղ շահերու շրջանցումին, լուծումներու կարելի չէ յանգիլ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: