Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Փափաքինք Կերտել Քաղաքացիական Պետութիւն Մը, Սակայն Մինչ Այդ Պիտի Չզիջինք Հաւասար Ներկայացուցչութեան Իրաւունքէն» Շեշտեց Պասիլ

Օգոստոս 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք Արսլան յայտնեց, որ ինք ներկաները տեղեակ պահած է Պաապտայի հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին:

Ան ընդգծեց, որ իրենք հաստատ կը մնան այն կեցուածքին վրայ, որ այդ հանդիպումը սկզբնաքայլ է` երկրին քաղաքական ուղեգիծին պահպանումին առումով, եւ անհրաժեշտ է, որ այդ քայլը շարունակուի Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքական իսկական գործակցութիւն յառաջացնելու համար:

Արսլան նշեց, որ Պաապտայի հանդիպումին ընթացքին իրենք շեշտած են Լեռնալիբանանի մէջ ապահովական ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը` պաշտպանելու համար շրջանանին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:

«Լեռնալիբանանի իւրայատկութիւնը անոր ազգային միասնականութեան եւ գործակցութեան մէջ կը կայանայ, եւ մենք յանձնառու ենք բոլորին հետ գործակցելու: Իսկ Լեռնալիբանանը ազգային միասնականութեան դպրոց է», ըսաւ ան:

Արսլան յոյս յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի ապահովական ապակայունութեան էջը փակուած է` մաղթելով, որ լիբանանեան պետութիւնը գործադրէ այն, ինչ որ համաձայնուած է Պաապտայի հանդիպումին ընթացքին:

Իր կարգին, Պասիլ ընդգծեց, որ «Քապըր Շմունի ողբերգական միջադէպէն ետք մեծ ճիգերով գոյացած արդիւնքը ողջունելի է եւ գոհունակ կը պահէ մեզի»: «Պետութեան տրամաբանութիւնը յաղթած է եւ անիկա մեզի առիթ կու տայ քաղաքական մրցակցութեան, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կարելի չէ ապրիլ առանց ազատութիւններու», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին առումով դատական հոլովոյթը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, թէ իրենք կը փափաքին, որ օրէնքի տրամաբանութիւնը տիրէ բոլորին մօտ: «Մենք բոլորս զիջումներ կատարեցինք, որպէսզի այս հարցը լուծենք, հետեւաբար ներկայիս մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ երկրին տնտեսութեան փրկութիւնը: Պաապտայի ելեւմտական-տնտեսական ժողովը դրական էր, եւ այդ իմաստով լիբանանցիները պէտք է վկայեն կառավարութեան աշխատանքը, որուն համար կոչ կ՛ուղղեմ կազմակերպելու տնտեսական բնոյթի կլոր սեղան մը` մշակելու համար 2020-ի պետական ամավարկը», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց, որ ինք պիտի շարունակէ Լեռնալիբանան այցելութիւնը, որ Քապըր Շմունի միջադէպին օրը ընդհատուած էր:

Պասիլ նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Լիբանանի սահմանադրութեան թիւ 95-րդ յօդուածին վերաբերող մանրամասնութիւններ: «Կը փափաքինք կերտել քաղաքացիական պետութիւն մը, սակայն մինչ այդ պիտի չզիջինք հաւասար ներկայացուցչութեան իրաւունքէն», շեշտեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Ֆատի Ժրայսաթի. «3 Յունիսին Ներկայացուցինք Կենսոլորտի Յատուկ Ծրագիր Մը, Որ Տակաւին Չէ Վաւերացուած»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լեռնալիբանան Գտնուելուս Նպատակն Է Մտահոգութիւնները Փարատել Եւ Ազգային Միասնականութիւնը Ամրապնդել»

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?