Ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ դեղորայքի արտադրութեան վերաբերող հարցեր:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը գործեն դեղորայքի արտադրութեան 11 գործարաններ, որոնք կը թեթեւցնեն լիբանանցիներուն բեռը` դեղորայք ներածելու առումով:
Ապու Ֆաուր եւ Հասան Խալիլ որոշեցին դեղորայքի պատրաստութեան համար ներածուած հում նիւթը յաւելուած արժէքի տուրքէն զերծ պահել:
Ապու Ֆաուր ընդունեց նաեւ տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց 2020-ի պետական ամավարկին վերաբերող առաջարկներ:
Նշենք, որ ճարտարարուեստի նախարարին այցելեց նաեւ մսագործներու եւ արջառներու առեւտրականներու համադաշնակցութեան մէջ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց սպանդանոցներուն վերաբերող հարցեր:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ 15 օր ետք ճարտարարուեստի նախարարութիւնը պիտի փակէ այն սպանդանոցները, որոնք ապօրինի կերպով կը գործեն եւ առողջապահական չափանիշները չեն ամբողջացներ:



