Երէկ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լիբանանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցչներու հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երկիրը յուզող զանազան հարցերու` վստահեցնելով յատկապէս, որ կ՛աշխատի պաշտպանելու լիբանանեան դրամանիշը, անդրադառնալով նաեւ երկրին մէջ խօսքի ազատութեան` ըսելով, որ ողջունելի է այն քննադատութիւնը, որ կը նկատուի աղբիւրը նոր գաղափարներու, իսկ հայհոյանքն ու անարգանքը անընդունելի են մեզի համար:
Նախագահ Աուն նշեց, որ այս շաբթուան ընթացքին պիտի մշակուին գործնական ծրագիրներ, որոնք մինչեւ մէկ ամիս պատրաստ պիտի ըլլան ժողովուրդին հիմնական հարցերու շուտափոյթ լուծման նպատակով, յատկապէս ելեկտրականութեան պարագան:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ յանձնառութիւն կայ տնտեսական ծրագիրին մէջ վաւերացուած կէտերուն նկատմամբ` նշելով միաժամանակ, որ ինք մեկնարկը կատարած է այս փաստաթուղթին, եւ որպէսզի անիկա իրագործուի, կարիքը կայ անոր շուրջ բոլոր իշխանութիւններուն համագործակցութեան:
Անդրադառնալով 2020-ի պետական ամավարկին` նախագահ Աուն կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ ատիկա պէտք է պատրաստ ըլլայ 31 դեկտեմբերին` յոյս յատնելով, որ որեւէ ուշացում տեղի չունենայ:
Լրագրողները հարցուցած են, թէ արդեօք վարչապետ Սաատ Հարիրիի ամերիկեան այցելութիւնը որեւէ ժխտական անդրադարձ պիտի ունենա՞յ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ, նախագահ Աուն ըսած է, թէ ինք վարչապետին կատարած յայտարարութիւններուն ծանօթ չէ, եւ ամերիկեան կեցուածքը նորութիւն չէ Լիբանանի համար` աւելցնելով. «Թող աճապարեն հաստատելու արդար խաղաղութիւնը` համաձայն յայտնի պայմաններուն, որպէսզի զէնքի գոյութեան դրդապատճառ չգտնուի այլեւս: Վտանգները բազմացան Երուսաղէմը եւ Կոլանը կցելու յայտարարութիւններէն ետք, եւ ես նախապէս այս վտանգներուն մասին խօսած եմ այն նամակին մէջ, որ յղեցի Ֆրանչիսկոս պապին` Միջին Արեւելքին վերաբերող Սիւնհոդոսին ընթացքին», ըսած է նախագահ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ առանց Լեռնալիբանանի` իր քրիստոնեայ եւ տիւրզի հատուածներով, Լիբանանի միասնութիւնը կարելի չէ, խոստանալով բարգաւաճումի ծրագիրներ իրականացնել Լեռնալիբանանի մէջ, որպէսզի տեղւոյն բնակիչները իրենց շրջաններուն մէջ մնան:
Իր կարգին, Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ խօսքը ուղղելով նախագահ Աունին ըսաւ. «Դուք մեզի համար ո՛չ միայն երկրին նախագահն էք, այլ հիմնադիր նախագահը այն հայրենիքին, զոր մենք կ’երազենք»:
Նախագահ Միշել Աուն անդրադառնալով տնտեսական ծրագիրին հաստատեց, որ անիկա շուտով գործնական ծրագիրներու պիտի վերածուի, եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատիլ` հաստատելով, որ լիբանանցիները տնտեսական մարզին մէջ պիտի զգան աստիճանաբար տեղի ունենալիք դրական բարելաւումը` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներ որեւէ ճնշում չեն բանեցուցած մեր վրայ, մանաւանդ որ մենք ճնշումներու ենթարկուողներէն չենք»: