Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի:
Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` հեռու մնալով քաղաքական տարակարծութիւններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին դիմագրաւած տագնապները, որոնցմէ հիմնական երկուքը` աղբի եւ ելեկտրականութեան տագնապները:
Ուահապ շեշտեց աղբահանումի տագնապը լուծելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ լուծումը պէտք է ըլլայ արմատական եւ պէտք է այդ տագնապին լուծման համար մշակել ռազմավարութիւն, այլապէս` աղբահանումի հարցը պիտի վերածուի շրջուն տագնապի մը:
Իր կարգին, Քումաթի հաստատեց, որ Դիմադրութեան առանցքը կը ներառէ քաղաքական եւ համայնքային բազմազանութիւն: