Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակին Ետին Չեմ Պահուըտիր, Իսկ Քաղաքական Յարձակումներուն Թիրախը Ես Եմ» Շեշտեց Պու Սաապ

August 20, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական հարցերը, յատկապէս Թրիփոլիի վերաբերող խնդիրները:

Միւս կողմէ, Պու Սաապ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին  յայտնեց, որ մօտիկ անցեալին իր եւ բանակին դէմ կատարուած բոլոր ցեխարձակումները քաղաքական յարձակումներ էին, որոնց թիրախը ինքն էր:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ ինք բազմիցս խօսած է ապօրինի անցքերուն մասին եւ քանի մը անգամ այցելած սահմանները: «Բայց եւ այնպէս տակաւին կը լսենք այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք անգործնական են եւ անճիշդ: Իմ հասցէիս կատարուած ցեխարձակումները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ իմ պատասխանատուութիւններս չեմ ստանձներ եւ պարտականութիւններս չեմ կատարեր, եւ անոնց փոխարէն բանակին ետին կը պահեմ ինքզինքս: Բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ բանակին ետին չեմ պահուըտիր, իսկ քաղաքական յարձակումներուն թիրախը ես եմ», ըսաւ ան:

Պու Սաապ անդրադարձաւ լսատեսողական լրատուամիջոցի մը կողմէ սփռուած յայտագիրին, որ կ՛անդրադառնար փոխադրակառքի մը գողութեան: Ան նշեց, որ այդ փոխադրակառքը գողցուած է Պէյրութի նաւահանգիստէն դուրս, 17 յունուար 2019-ին, այսինքն` նախքան կառավարութեան կազմութիւնը:

Ան նշեց, որ փոխադրակառքը լիբանանեան հողերէն դուրս չէ ելած եւ Սուրիա չէ հասած, որովհետեւ անցքերը փակ էին:

«Ես պատրաստ եմ բանակէն առաջ բոլոր պատասխանատուութիւններս ստանձնելու: Դուք բանակին դէմ չէք յարձակիր, այլ` պաշտպանութեան նախարարին: Ոչ ոք թող մտածէ, թէ ես բանակին ետին թաքնուած եմ», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանան-Սուրիա ապօրինի անցքերու թղթածրարին մասին ինք խօսած է նախքան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ինք լիբանանեան բանակին պարտականութիւններուն մասին խօսած է եւ բացատրած երեսփոխան Ժորժ Ատուանին:

«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան վարուելակերպը անիրաւութիւն կը նկատուի: Մենք այս թղթածրարին պատասխանատուն ենք: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մտածէ, թէ բանակը զերծ կը պահէ ցեխարձակումներէն եւ պաշտպանութեան նախարարը պատասխանատու կը նկատէ, մինչդեռ սահմաններու հսկողութեան ու  ապօրինի անցքերու փակումին պատասխանատուն բանակն է եւ ան ամէնօրեայ դրութեամբ նուաճումներ կ՛արձանագրէ», հաստատեց Պու Սաապ:

Ան նկատել տուաւ, որ մօտիկ ապագային կառավարութեան նիստին պիտի ներկայացնեն 5 կէտերէ բաղկացող ծրագիր մը, որ կ՛անդրադառնայ օրինական անցքերուն, սահմանագծումին, ինչպէս նաեւ բանակայիններու թիւի յաւելումին, բանակին զինումին եւ անոր պիւտճէին յաւելումին:

 

Նախորդը

«Հաշտութեան Մթնոլորտը Պէտք Է Ամրապնդել Եւ Տնտեսական Թղթածրարը Անհրաժեշտութիւն Նկատել» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Լրագրողներու Հետ Հանդիպումի Մը Ընթացքին. «Մենք Կ՛աշխատինք Պաշտպանելու Լիբանանեան Դրամանիշը» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.