Պու Սաապ Քննարկեց Բանակի 2020-ի Պիւտճէն, Սահմաններու Հսկողութիւնն Ու Ապօրինի Անցքերը Փակելու Կարելիութիւնները
Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց լիբանանեան բանակի պիւտճէի յանձնախումբին անդամները, որոնց հետ քննարկեց բանակի 2020-ի պիւտճէն: Պու Սաապ ընդունեց նաեւ սահմաններու հսկողութեան յանձնախումբի նախագահ, գնդապետ-զօրավար Մարսել Պալուքժին, որուն հետ քննարկեց սահմանային հսկողութեան համակարգը բարելաւելու հեռանկարներն ու Լիբանան - Սուրիա ապօրինի անցքերը փակելու կարելիութիւնները: Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք վարչապետին հետ պիտի քննարկէ սահմանային հսկողութեան տնօրինելու նոր ռազմավարութիւն մը...




















