Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին առումով 2019-ի առաջին վեց ամիսները բաւական դրական էին, եւ կարելի եղաւ անոնց ընթացքին նկատառելի աճ մը արձանագրել:
Ա. Կիտանեան նշեց, որ ըստ ուսումնասիրութիւններու եւ տեղեկութիւններու, պանդոկներու զբաղուածութեան առումով արաբական երկիրներուն մէջ Լիբանան երրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Եգիպտոսէն ետք:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ 2018-ի հետ բաղդատած` զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած է 18 առ հարիւրի աճ:
Ան նշեց, որ ապրիլ եւ յունիս ամիսներուն արձանագրուած աճը ակնկալուածէն շատ աւելին էր, իսկ յուլիսին արձանագրուած աճը աւելի քան 7 առ հարիւր էր, «եւ կրնար աւելին ըլլալ, եթէ յունիսի վերջերը Լիբանանի մէջ ապահովական միջադէպ մը չարձանագրուէր», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2018-ին Լիբանան այցելած են մէկ միլիոն 115 հազար զբօսաշրջիկներ, իսկ 2019-ին զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած է մէկ միլիոն 205 հազարի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 90 հազար յաւելեալ զբօսաշրջիկներ այցելած են Լիբանան: Այս տարուան ընթացքին կը վկայենք զբօսաշրջական առողջ եղանակ մը, որ կրնար աւելին ըլլալ, եթէ Լեռնալիբանանի միջադէպը չարձանագրուէր», յայտնեց Ա. Կիտանեան` աւելցնելով, որ 2019-ի առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ծախսուած գումարները 12 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած են:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ երկրի մը օդակայանը միայն մէկ երկրի պէտք է ծառայէ, սակայն Պէյրութի միջազգային օդակայանին պարագային, ան կը ծառայէ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ, «հետեւաբար Պէյրութի միջազգային օդակայանին վրայ հսկայական ճնշումներ բանեցուած են», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական ռազմավարութիւն գոյութիւն ունի, «եւ Լիբանան կրցաւ ներգրաւել մեծ թիւով եւրոպացի զբօսաշրջիկներ, որոնք տարբեր հետաքրքրութիւններ ունին եւ տարբեր բաներ կը փնտռեն», նշեց ան:
Նախարար Կիտանեան դիտել տուաւ, որ զբօսաշրջութիւնը շուկայադրումի աշխատանք մըն է` աւելցնելով, որ եթէ լիբանանցի քաղաքացին զբօսաշրջութեան նպատակով այլ երկիր մը ճամբորդէ, ատիկա չի նշանակեր, թէ Լիբանանի եւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մէջ աղէտ մը կամ փորձանք մը պատահած է:



