Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Խոստանայ Օժանդակել Լիբանանին

January 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան հիմնական դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ ընդառաջել 17 հոկտեմբերէն ի վեր լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ ներկայացուած տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական պահանջներուն, ինչպէս նաեւ դիմակայել այն սուր տագնապը, որ կը սպառնայ երկրին:

«Լիբանանի պարզած այս դժուար կացութիւնը առիթ կու տայ, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը նկատուի պետութեան նկատմամբ վստահութեան վերահաստատումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է արմատական բարեկարգումներ կատարել, յատկապէս տնտեսական թափանցիկութիւնը պահպանելու, փտածութեան դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն ազատութիւնը ամրապնդելու առումով:

«Ժամանակն է արդէն, որ լիբանանցի բոլոր պատասխանատուները հաւաքաբար գործեն` երաշխաւորելու համար երկրին եւ լիբանանցիներուն շահերը: Այս հիման վրայ է, որ Ֆրանսա պիտի օժանդակէ Լիբանանին, որպէսզի ան դուրս գայ իր դիմագրաւած տագնապէն», հաստատուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Ֆրանսա կը վերահաստատէ Լիբանանի անկախութեան եւ ապահովական կայունութեան իր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի կեցուածքին պահպանումը:

 

 

Նախորդը

Հարիրի. «Պէյրութի Շուկաներուն Եւ Հաստատութիւններուն Քանդումը Դատապարտելի Է Ու Մերժելի»

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Այսօր Կը Նախագահէ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Անդրանիկ Նիստին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.