Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ` 20 յունուար 2020-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի, ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան վերջին զարգացումներն ու քաղաքական կացութիւնը:
Տեսակցութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ «երբ տագնապները կը սաստկանան, մանաւանդ մերօրեայ այս ծանր տագնապին նման, որ, իմ փորձառութենէս մեկնած կրնամ ըսել, թէ ամէնէն վատագոյն տագնապներէն է, կարեւոր է հանդարտութեամբ մտածել` հեռու զեղումներէ եւ զգացական ծայրայեղ արտայայտութիւններէ»: Ըստ անոր, այսօր վերադարձած է այն տունը, որուն հետ հինէն ի վեր կապեր ունեցած է, յատկապէս 14 փետրուարի նման սեւ օրուան մը սեմին: Ան շեշտեց, որ այսօր տնտեսական իմաստով շատ ծանր օրեր կ՛ապրինք:
Խօսքը ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն ուղղելով` Ուալիտ Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ բռնութիւնը ոչինչի կը ծառայէ, իսկ իր եւ Հարիրիի խօսքերը` Պէյրութին մասին, քարեղէն կառոյցներուն չէին վերաբերեր, այլ անոր բնակիչներուն: Ան խրատեց ցուցարարները, մանաւանդ որ մեծ թիւ կը կազմեն հիւսիսէն եկողները, որ հոն գտնուող նաւահանգիստը բարելաւեն, գործարկեն, որովհետեւ անիկա ոսկիի հանք է, որ հին ատեն ո՛չ միայն լիբանանեան հիւսիսին կը ծառայէր, այլ նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի: Ան աւելցուց, որ հիւսիսի մէջ կայ նաեւ քարիւղի զտարանը, որ, Ժոմպլաթի կարծիքով, եթէ ռուսերուն վստահուի, կը վերագտնէ իր երբեմնի փառքը` հարց տալով, որ ինչո՞ւ չի հետապնդուիր Քըլէյաթի «Ռընէ Մուաուատ» օդակայանի բացման եւ գործարկման հարցը, մանաւանդ որ անիկա հիւսիսը հանգստացնող տնտեսական աշխուժացման կեդրոն կրնայ ըլլալ: Ան շեշտեց, որ եթէ ժողովրդային շարժումի ցուցարարները կը կարծեն, թէ ապահովական ուժերուն եւ պետական կառոյցներուն վրայ յարձակելով կը պատասխանեն երեքշաբթի օր դրամատուներուն վրայ եղած յարձակումին, ուրեմն չարաչար կը սխալին: Թող բոլորը վերադառնան հիմնական խաղաղ շարժումին, ճշդեն նպատակները` տնտեսական եւ բարգաւաճման, ապա խօսին իրենց պահանջներուն մասին:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, որ այս կառավարութեան դէ՞մ պիտի գործեն` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ կազմութենէն ետք կը ճշդեն: «Կառավարութեան յաջողութիւն կը մաղթենք, պիտի աջակցինք բարեկարգումի որեւէ գաղափարի, սակայն ծիծաղելին այն է, որ երբ անցեալին հնարեցին կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի գաղափարը, կային կառավարութիւններ, որոնք կը կոչուէին ազգային միասնականութեան կառավարութիւններ, իսկ այսօր կայ միագոյն կառավարութիւն մը, սակայն անոնք իրար մէջ կրկին համաձայն չեն», շեշտեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը:
Ժոմպլաթ նաեւ պատասխանեց լրագրողի մը այն հարցումին, որ Հարիրիի հետ հարցեր կրնա՞յ ունենալ. ան ըսաւ, որ մատնանշումներ կրնան առկայ ըլլալ, մենք հանդիպումին ընթացքին խօսեցանք, Հարիրի իր հրաժարումէն առաջ ներկայացուց բարեկարգչական ծրագիր մը, իսկ հիմա ան կ՛ըսէ` եթէ նոր կառավարութիւնը կարենայ զայն գործադրել, հոյակապ կ՛ըլլայ, «թող փրկեն մեզի»: