Նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական վեհաժողովին ընթացքին կոչ ուղղեց աշխարհի ղեկավարներուն օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան ձախող երկրի մը չվերածուի` նկատի ունենալով իր դիմագրաւած ելեւմտական ծանր տագնապը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան ազգային համերաշխութեան ու համակեցութեան օրինակելի երկիր է եւ պէտք է պահպանէ իր կայունութիւնը:
«Լիբանանը երկիր մըն է, որ պէտք է պաշտպանուի, որպէսզի կարենայ շրջանին մէջ իր դերակատարութիւնը ունենալ եւ օգնել շրջանին», ըսաւ ան: