Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Օգտուելու Ազգային Փրկութեան Կառավարութենէն

January 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ժամանակն է աշխատանքի եւ ոչ թէ խօսակցութեան:

«Իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն պէտք է օգտուինք ազգային փրկութեան կառավարութենէն` հեռու մնալով քինախնդրութենէ եւ լարուածութենէ ու կեդրոնանալով տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապի լուծման վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ կենցաղային եւ հաստատութենական կայունութիւն իրականացնել` բարեկարգումներու եւ նուաճումներու ծրագիրներու գործադրութեամբ:

«Ի՛նչ ալ ըլլան մարտահրաւէրները, ազգային եւ ժողովրդային պատասխանատուութիւնները կ՛ենթադրեն հեռու մնալ ժխտական իրավիճակներէ եւ ներդրումներ կատարել` դրական մթնոլորտ եւ վստահութիւն ստեղծելու առումով:

Կառավարութիւնը իր ատակութիւններով եւ մասնագէտներով կարողութիւն ունի մշակելու ծրագիրներ եւ տեսլականներ, որոնք հիմնաքարը կը հանդիսանան երկիրը իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս բերելու, պայմանով որ ժամանակ չկորսնցնէ եւ փաստէ, թէ անիկա բոլոր լիբանանցիներուն կառավարութիւնն է», հաստատեց Պըրրի:

Ան նկատել տուաւ, որ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէն սահմանադրական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, «սակայն անկէ առաջ շատ աւելի կարեւոր է ստանալ ժողովուրդին եւ արաբական ու միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը, որ պիտի տրուի անոր բարեկարգչական եւ փրկարար կառավարութիւն ըլլալուն համար` ելեւմտական եւ տնտեսական մակարդակներուն վրայ», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ խորհրդարանը, վաւերացնելէ ետք 2020-ի պետական ամավարկը, իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ կառավարութեան եւ միշտ ու մօտէն պիտի հետեւի կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ պիտի հսկէ հաշուետուութիւն պահանջելու` կառավարութեան կողմէ արձանագրուելիք որեւէ բացթողումի պարագային:

«Այս աշխատանքին զուգահեռ խորհրդարանը իր բոլոր յանձնախումբերով պիտի ջանայ գործադրել բարեկարգումի վերաբերող բոլոր օրինագիծերը, յատկապէս` փտածութեան դէմ պայքարի, պետութենէն իւրացուած գումարներու վերադարձին եւ ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծերը», ըսաւ Պըրրի:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ընկերային ապահովութիւնը աւելի խիստ կերպով գործադրուի` վերջ տալու համար սղաճին, ինչպէս նաեւ ջնջելու համար ամէն տեսակի չարաշահում:

Խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներուն:

Նիստէն ետք Պըրրի ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնին եւ երկրագործութեան ու մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատան:

 

 

Նախորդը

Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ . Նախագահ Աուն Ընդգծեց Տնտեսական Տագնապին Լուծումն Ու Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Ընտանիքին Վստահութեան Ամրապնդումը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.