17 հոկտեմբերին ընթացք առած ժողովրդային շարժումին հիմնական պահանջներէն մէկը իրականացաւ երէկ` 21 յունուար 2020-ին, երբ կազմուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւնը, բայց եւ այնպէս, կազմութեան յայտարարութենէն առաջ եւ անկէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարները մերժեցին այս կառավարութիւնը եւս` յայտարարելով, որ անիկա իրենց փափաքածը չէ եւ զիրենք չի ներկայացներ:
Արդարեւ, 21 յունուարի երեկոյեան ժամը շուրջ 8:30-ին կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութիւնը վճռակամ կերպով ստանձնած վարչապետ Հասսան Տիապ անակնկալ կերպով այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայացուց կառավարութեան կազմը: Հ. Տիապ նախագահը իրազեկ դարձուց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն եւ յանգած եզրակացութիւններուն մասին: Նախագահը վաւերացուց 20 հոգիէ բաղկացած կազմը, որուն մէջ լիբանանահայ համայնքը կը ներկայացնէ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Կառավարութիւնը իր առաջին ժողովը պիտի գումարէ այսօր` 22 յունուարին, Պաապտայի պալատին մէջ:
Հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որուն մեկնելէն ետք նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ շարունակեցին իրենց տեսակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը:
Ժամը շուրջ 10:00-ին վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքրէ նախագահական պալատէն ընթերցեց հանրապետութեան նախագահին կողմէ հրապարակուած երեք հրամանագիրները , որոնցմէ առաջինին մէջ ընդունուեցաւ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականը, երկրորդին մէջ կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը տրուեցաւ Հասսան Տիապին, իսկ երրորդին բովանդակութիւնը նոր կառավարութեան կազմն է, որ հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.
– Հասսան Տիապ` վարչապետ
– Զէյնա Աքր-Ատրա` փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար
– Տեմիանոս Քաթթար` կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար
– Նասիֆ Հըթթի` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար
– Ղազի Ուազնի` ելեւմուտքի նախարար
– Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար
– Ռաուլ Նեհմէ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար
– Մոհամետ Ֆահմի` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար
– Իմատ Հուպպալլա` ճարտարարուեստի նախարար
– Միշել Իպրահիմ Նաժժար` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
– Ռամզի Մշարրաֆիէ` ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար
– Ռեմոն Ղաժար` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
– Թարեք Մաժզուպ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
– Ղատա Շրէյմ` գաղթականներու հարցերու նախարար
– Թալալ Հաուաթ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
– Համատ Հասան` առողջապահութեան նախարար
– Մարի Քլոտ Նաժըմ` արդարութեան նախարար
– Մանալ Ապտել Սամատ` տեղեկատուութեան նախարար
– Լամիա Եամմին Տուէյհի` աշխատանքի նախարար
– Ապպաս Մուրթատա` երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարար:
Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք, վարչապետ Տիապ արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ 17 հոկտեմբերին փտածութեան եւ փտածներուն դէմ բարձրացած ժողովրդային պոռթկումին` մերժելով սպաննել արդար, օրէնքով ղեկավարուող, քաղաքացիին եւ պատասխանատուին միջեւ խտրականութիւն չդնող Լիբանան մը ունենալու իրենց երազները: Ան դիտել տուաւ, որ այս պահուն իշխանութեան իսկական աղբիւր ըլլալու դիրքին տէր դարձաւ ժողովուրդը, որուն զաւակները, առանց որեւէ խտրութեան, բարձրացուցին լիբանանեան դրօշը, միացուցին երկիրը, համայնքային, յարանուանական եւ տեղայնական ամէն տեսակի խոչընդոտ տապալեցին` շրջանցելով վախի պատուարը, մերժեցին անարդարութիւնը, քանդեցին մեծ բանտի դռները, որոնք կ’արգելակեն իրենց տենչերը ունենալու բոլորը ընդունող եւ բոլոր զաւակներուն հետ հաւասարութեամբ վերաբերող պետութիւն մը:
«Ժողովրդային շարժումը ճամբայ հարթեց դէպի նպատակ` նոր Լիբանանի ուրուագիծը պատկերելով», ըսաւ ան:
Նոր վարչապետը յայտարարեց, որ այսօր Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակներէն մէկը կ’ապրի, հարցերը կուտակուած են այնքան, որ յոյսի նշոյլը կը խափանեն, իսկ կարգ մը պատկերներ մեր մտքերուն մէջ արթնցուցին այնպիսի արգիլուած երեւոյթներ եւ դառն պահեր, որոնք թաղուած եւ առյաւէտ մոռցուած կը կարծէինք: Ըստ անոր, Լիբանան այնպիսի վիճակի մէջ յայտնուեցաւ, որ կարծես կը թիավարէ ալեկոծ ծովուն բացերը, ուր ալիքներուն դէմ կարելի չէ դնել:
Վարչապետ Տիապ ըսաւ, որ վարչապետութեան պաշտօնի իր ստանձնման վերաբերող բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ կատարուեցան, սակայն ինք նախընտրեց լուռ մնալ, որովհետեւ կ’ուզէ աշխատիլ եւ ոչ թէ վիճիլ: «Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն լծուեցայ Սահմանադրութեամբ զինուած եւ լիբանանեան պատմութեան մէջ եղած մօտեցումներէն բոլորովին այլ դիտանկիւնէ: Յստակ չափանիշներ ճշդեցի կառավարութեան կազմին եւ այդ հիման վրայ ալ ընտրեցի նախարարները», յայտնեց ան` աւելցնելով, թէ բազմաթիւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուած է, որովհետեւ Լիբանան այնպիսի երկիր մըն է, ուր կը բացակային վիճակագրութիւնները, չեն յարգուիր թիւերն ու փաստացի տուեալները: Բայց եւ այնպէս, որովհետեւ ուզեցի բարձրացնել այս երկիրը իր վիճակէն, վարչապետը գիշերներ լուսցուց, ուսումնասիրեց, սերտեց, խորհրդակցեցաւ, վիճեցաւ, պնդեց, կառչեցաւ իր մօտեցումներուն, բանակցեցաւ, մինչեւ որ կրցաւ կազմել պատմութեան մէջ եզակի կառավարութիւն մը, որուն յատկանիշները ամբողջովին տարբեր են մնացեալներէն:
Այս բոլորէն մեկնած, յայտնեց Հասսան Տիապ, նախ կ’ողջունեմ ժողովրդային շարժումը, որ մեզ ուղղեց այս ճամբով ընթանալու եւ Լիբանանին այս յաղթանակը ապահովելու: Ասիկա կառավարութիւն մըն է, որ երեք ամսուան ընթացքին փողոցները ողողած ցուցարարներու փափաքներուն արտայայտիչը պիտի ըլլայ եւ պիտի գործէ անոնց պահանջներու իրականացման ի խնդիր` դատական անկախութիւն, յափշտակուած գումարներու վերադարձ, անօրինական հարստացման դէմ պայքար, պաշտպանութիւն աղքատ խաւերուն` անտեղի հարկերէ, անգործութեան դէմ պայքար, ընտրական նոր օրէնք, որով լաւագոյն ներկայացուցչութիւն կ’ապահովուի, հարցապնդումի եւ հաշուետուութեան մնայուն ընթացք: Անոր համաձայն, այս սեղմ կառավարութիւնը ոչ մէկ կողմի հարկատու է, այլ գիտական լեզուին, ճիշդ տրամաբանութեան եւ փորձառութեան վրայ հիմնուած է` միշտ առաջնահերթ նկատելով երկրին շահերը: Նոր վարչապետը ըսաւ, որ կուսակցական չեղող նախարարները պիտի չազդուին ներքին պայքարներէ եւ հաշիւներէ, այլ պիտի գործեն քաղաքացիին համար, անոր ապրուստի լաւ պայմաններ ապահովելու ի խնդիր` յառաջանալով դէպի լուսաւոր ապագայ: Կառավարութեան առաջադրանքը պիտի ըլլայ ժպիտ ուրուագծել քաղաքացիին դէմքին, անոր տալ յոյս:
Իր խօսքին վերջին բաժինով Հասսան Տիապ նշեց, որ բաւական դժուար պարտականութիւն ունին կատարելիք, սակայն անկարելի ոչինչ կայ, իսկ եթէ բոլորը գործակցին, կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել մսխումը, վստահութեան կերտումի ձեռնարկել, մեծ մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայել, նոր ներդրումներ ներգրաւել` յաղթելով անարդարութեան, աղքատութեան եւ փտածութեան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կա՛յ այս բոլորը ընելու կարողականութիւն, վճռականութիւն, որոնք կարեւոր է օգտագործել փրկութեան ծրագիրներուն մէջ` աւելցնելով, թէ Լիբանան նաեւ ունի բնական հարստութիւններ, որոնք պէտք է պաշտպանուին եւ օգտագործուին:
Իր խօսքը եզրափակելով` Հասսան Տիապ ըսաւ, որ վերջին օրերուն պարզուած պատկերները շատ ցաւալի էին, իսկ ներկայիս ամէնէն կարեւորը պիտի ըլլայ պահպանել երկրին կայունութիւնը, կանգնիլ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն կողքին, որովհետեւ կայունութիւնը հիմք է ամէն ինչի: «Աշխատանքի ժամանակը հասած է», հաստատեց ան:
Անկարգութիւններ Եւ Բողոքի Շարժումներ
Այն պահուն, երբ վարչապետ Հասսան Տիապ Պաապտայի պալատին մէջ կառավարութեան կազմը կը ներկայացնէր նախագահ Միշել Աունին, իսկ վերջինս կը պատրաստուէր կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրը հրապարակելու, ժողովրդային շարժումի ցուցարարները սկսան համախմբուիլ Կեդրոնական Պէյրութի` Նըժմէի հրապարակի մուտքերէն մէկուն առջեւ` բողոքելով կառավարութեան կազմութեան ձեւին դէմ եւ պահանջելով Տիապի հրաժարականը:
Շուտով բողոքի շարժումներուն ծիրը ընդլայնեցաւ: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրները հրկիզուած անիւներով փակեցին Քոլայի կամուրջի, Մարզական աւանի եւ Քասքասի ճամբաները: Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումի այլ խմբաւորումներ փակեցին Ժիպէյլէն Պէյրութ տանող մայրուղին:
Այս միջոցին ցուցարարներ փակեցին նաեւ դէպի Սայտա տանող ճամբաները` հրկիզուած անիւներով: Գիշերուան ժամը շուրջ 11:00-ին Պէյրութի Նըժմէ հրապարակի մուտքերէն մէկուն առջեւ արդէն իսկ համախմբուած էին մեծաթիւ ցուցարարներ, որոնք կրցան վերացնել այդ մուտքին առջեւ զետեղուած նոր փշալարերը: Ժողովրդային շարժումին այս ցուցարարները միաժամանակ փակեցին Զուքի մայրուղին:
Կէս գիշերէն ետք ներքին ապահովութեան ուժերու անկարգութիւնները զսպող ջոկատը Նըժմէ հրապարակի մուտքին սկսաւ օգտագործել արցունքաբեր կազեր եւ ջրաշիթ մեքենաներ: Ցուցարարները իրենց կարգին ապահովութեան ուժերը քարկոծեցին եւ անոնց ուղղութեամբ քոքթէյլ մոլոթովներ ու պայթուցիկներ նետեցին:
Նըժմէ հրապարակին շրջակայքը բախումները շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը: Ցուցարարները կրցան ամբողջութեամբ քանդել երկու օր առաջ կառուցուած երկաթեայ նոր դուռը: Նոյնպիսի բախումներ` ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ, արձանագրուեցան նաեւ Թրիփոլիի մէջ, ուր ցուցարարները փշրեցին կարգ մը դրամատուներու ցուցափեղկերը:
Առաւօտեան շուրջ ժամը 1:30-ին ժողովրդային շարժումի ցուցարարները փակեցին քարանթինայէն Տորա տանող մայրուղին:
Կենսագրութիւն` Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան
Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ծնած է 1 յունուար 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, երկրորդական ուսումը ստացած է Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ, աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Ունի մագիստրոսի աստիճան` ընկերային հոգեբանութեան մէջ, Լիբանանեան համալսարանէն: Նաեւ ունի «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական` Հայկազեան համալսարանէն:
2017-էն մինչեւ այսօր տնօրէն է «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի: 2013-էն 2017 եղած է նոյն կեդրոնի ընկերային ծառայողը: 2007-էն 2008 իբրեւ ընկերային ծառայող աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ: 2005-էն 2008 եղած է «Թռչնոց բոյն»-ի ընկերային ծառայողը:
Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ին եւ ստանձնած զանազան պարտականութիւններ:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: