Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն հետ քննարկեց անցեալ շաբաթ գիշեր Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները: Օսման հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը յանձնառու կը մնան բոլոր աղօթավայրերուն ապահովութեան:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման եւ շնորհաւորական բնոյթ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ դժուար կացութիւն մը` աւելցնելով, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշը այլեւս անկարելի է 1500 լ. ոսկիի վերածել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ լումայափոխներու սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ սենտիքան որոշած է ամերիկեան տոլարին դէմ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը ամէնէն սուղը ճշդել 2000 լ. ոսկին եւ ոչ աւելի: Սենտիքային համաձայն, որոշումին չենթարկուելու պարագային լումայափոխները կրնան պատժուիլ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան աշխատելու առիթ շնորհել եւ դիւրացնել անոր աշխատանքները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան եւ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա հաստատեցին նոր կառավարութեան տանելիք աշխատանքին կարեւորութիւնը` պետութեան նկատմամբ վերականգնելու համար ժողովուրդին վստահութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Լամիա Եամմին հաստատեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն է լուծել անգործութեան տագնապը, ինչպէս նաեւ կազմակերպել օտար քաղաքացիութիւն կրող աշխատաւորներու կարգավիճակը:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմ հաստատեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է վերջնականապէս լուծել գաղթականներու թղթածրարը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ իրեն հետ կապուած են կարգ մը երկիրներու դեսպաններ, որոնք Լիբանանին օժանդակութիւն առաջարկած են, «ինչ որ վստահութեան փաստ մըն է», շեշտեց ան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նշանակուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդական:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի անկարգութիւններն ու խուլիկանութիւնները բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած յարձակում կը նկատուին, ինչպէս նաեւ թիրախ կը դարձնեն ազգային համերաշխութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մէջ Ֆրանսայի ու միջազգային ընտանիքին կեցուածքը: Միքաթի ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթը, որուն յաջողութիւն մաղթեց` իր ստանձնած պաշտօնին առիթով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Ֆրենժիէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ շրջանային քաղաքական զարգացումները: Ժոմպլաթի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան:

Նախորդը

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը` ՄԱՀԱԵՄ- Նախագահին

Յաջորդը

Պասիլ. «Լիբանանը Փրկեցէ՛ք, Նախքան Անոր Ձախող Երկրի Մը Վերածուիլը»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.