Ակնարկ. Որպէսզի Ժողովրդային Շարժումը Չփոխէ Իր Հունը
Լիբանանեան ցոյցերուն ձեւափոխումը խաղաղէն ոչ խաղաղ բնոյթի բանաձեւումով չի սահմանափակուիր միայն: Մինչեւ վերջին օրերուն դրամատուներու կամ վաճառատուներու ցուցափեղկերու քանդումն ու իրաւապահ մարմիններուն ուղղութեամբ զանգուածային քարկոծումները ժողովրդային շարժումը ընդհանրապէս կը յատկանշուէր խաղաղ, քաղաքակիրթ բնոյթի եւ ներկայ յեղափոխութիւններու համար օրինաչափ նկատուող միջոցներու կիրարկումով: Ճամբաներու փակումն էր միայն, որ կը քննադատուէր թէ՛ բանակին եւ թէ՛ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնք քաղաքացիի սահմանադրական իրաւունքի արգելակում...



















