Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլէյման Ֆրենժիէի Եւ Վարչապետ Տիապի Միջեւ Հանդիպում Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերեալ

Յունուար 21, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակուին վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ, որ երէկ հանդիպում ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ  Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք լրատուամիջոցներու կողմէ տարբեր լուրեր տարածուեցան, սակայն բոլորն ալ տեղեկացուցին, որ տեսակցութեան հիմնական նպատակը կառավարութեան անդամներուն թիւը 18-էն 20-ի բարձրացնելն էր, որուն շուրջ վերջնական համաձայնութեան կամ անհամաձայնութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ չկատարուեցան:

Ըստ «Լեպանոն ֆայլզ»-ի, տարբեր գաղափարներ ու տեսակէտներ արտայայտուեցան, վարչապետ Տիապ ներկայացուց իր մտածումները, սակայն ո՛չ դրական, ո՛չ ալ ժխտական կեցուածք դրսեւորեց թիւի բարձրացման մասին: Ան խոստացաւ յաւելեալ կապեր հաստատել ու աշխատանք տանիլ` յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին վերջնական կեցուածքի մը մասին յայտարարելու նպատակով: Կայքին համաձայն, այսօր կէսօրին Սլէյման Ֆրենժիէ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն շեշտադրումն ու տրամադրութիւնը դրական պիտի ըլլայ եւ պիտի հաստատէ իրենց պատրաստակամութիւնը` կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու:

Միւս կողմէ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը տեղեկացուց, որ վարչապետ Տիապ համաձայն եղած է նախարարներու թիւի բարձրացման, բայց եւ այնպէս դիտել տուած է, որ 20 նախարարներով կառավարութեան պարագային կազմութիւնը աւելի պիտի բարդանայ, որովհետեւ տիւրզի եւ կաթողիկէ երկու նախարարներու հարց պիտի ծագի: Աղբիւրը հաղորդեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէի մօտ երբեք նկատելի չէ եղած Մարատա հոսանքի` կառավարութեան մաս չկազմելու տրամադրութիւն:

«Էմ. Թի. Վի.»-ի համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ փոխվարչապետի պարագան, որուն համար կան Ամալ Հատտատի եւ Փեթրա Խուրիի անունները: Վարչապետ Տիապ Ֆրենժիէին յստակացուցած է նաեւ, որ այն հաշիւները, որոնց համաձայն, Ազգային ազատ հոսանքը, հանրապետութեան նախագահին հետ տիրացած է կառավարութեան որոշումները արգելակող երկու երրորդին, անճիշդ են, նաեւ սխալ է դեսպան Նասիֆ Հըթթին Ազգային ազատ հոսանքին բաժինէն նկատելը, որովհետեւ վարչապետին հասած նոր տուեալները կը հաստատեն, որ իրականութիւնը այդպէս չէ:

 

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Հանդիպում Ունեցաւ Հարիրիի Հետ Եւ Կառավարութեան Յաջողութիւն Մաղթեց

Յաջորդը

Ապահովական Ժողով` Նախագահ Աունի Գլխաւորութեամբ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?