Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարութիւններու Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւնները Հասան Իրենց Աւարտին

January 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորակազմ կառավարութեան նախարարները երէկ շարունակեցին նախկին նախարարներէն ստանձնել իրենց նախարարութիւնները:

Նախարարութիւններու յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին:

Այս շրջագիծին մէջ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը յանձնեց նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի:

Կիտանեան յայտնեց, որ վերջին փուլին Լիբանանի մէջ տիրած պայմանները հակադրուած են նախարարութեան մէջ իր կատարած երեք տարուան աշխատանքին հետ` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ուժային նախարարութիւն է եւ արտաքին աշխարհէն Լիբանան դրամ ապահովող մուտք մը:

Ա. Կիտանեան յաջողութիւն մաղթեց Մշարրաֆիէի` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը կը վերահաստատուի, ինչ որ լիբանանցիներուն եւ զբօսաշրջական մարզին ակնկալութիւնն է:

«Կը մաղթեմ, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը իր լաւագոյն փուլը ապրի նախարար Մշարրաֆիէի օրերուն», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Իր կարգին, Մշարրաֆիէ բարձր գնահատեց Ա. Կիտանեանի աշխատանքը` հաստատելով, որ անոր ջանքերուն շնորհիւ լիբանանեան զբօսաշրջութիւնը տեսակարար ոստում մը կրցած է կատարել:

«Դժբախտաբար դժուար պայմաններն ու զբօսաշրջութիւնը զիրար չեն ամբողջացներ: Երբ Լիբանանի կայունութիւնը վերահաստատուի, կը փափաքիմ, որ զբօսաշրջութեան մարզին իրավիճակը վերադառնայ այնպէս, ինչպէս որ էր նախարար Կիտանեանի օրերուն», հաստատեց ան:

Աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմին երէկ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Քամիլ Պու Սլէյմանէն:

Պու Սլէյման հաստատեց, որ օտար աշխատաւորներու աշխատանքի կարգաւորումը նախարարութեան իրագործած նուաճումներէն կը նկատուի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ աշխատանքը շարունակել:

Միւս կողմէ, Եամմին նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ նախարարութեան աշխատանքները եւ ամէն իմաստով պիտի պայքարի փտածութեան դէմ:

Ան նշեց, որ ինք պիտի զօրակցի աշխատաւորներուն, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ կարգաւորել յատուկ կարիքաւորները պաշտօնի կոչելու դրութիւնը:

Գաղթականներու հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմ ստանձնեց նախարարութիւնը նախկին նախարար Ղասսան Աթալլայէն:

Աթալլա շեշտեց, որ ինք չի կարծեր, թէ որեւէ նուաճում իրագործած է, սակայն ամէն ջանք ի գործ դրած է` փակելու համար այս նախարարութիւնը:

Ան նշեց, որ իր կարծիքով Շրէյմ աւելի աշխուժ պիտի ըլլայ նախարարութեան աշխատանքներուն վերջ տալու իմաստով:

Շրէյմ նշեց, որ իշխանութիւնը հետեւողականութիւն է` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր իրաւատէր իր իրաւունքը պէտք է ստանայ, իսկ նախարարութեան մէջ ներդաշնակ աշխատանք պէտք է կատարուի:

Երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատա երէկ նախկին նախարար Հասան Լաքքիսէն ստանձնեց երկրագործութեան նախարարութիւնը:

Լաքքիս նկատել տուաւ, որ երկրագործութեան նախարարութիւնը կարեւոր, սակայն միաժամանակ բաւական լքուած նախարարութիւն է:

Մուրթատա իր կարգին յայտնեց, որ պիտի շարունակէ Լաքքիսի ծրագիրները, եւ կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան արտադրութիւնները:

Ան ընդգծեց, որ ինք տիւ ու գիշեր պիտի հետապնդէ երկրագործներուն եւ անոնց սենտիքաներուն պահանջները:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ նախկին նախարար Աքրամ Շեհայէպէն ստանձնեց նախարարութիւնը:

Մաժզուպ շեշտեց, որ նախարարութիւնը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն պէտք է զգացնէ, թէ անոնք պատրաստ են` գիտութեան զէնքով դիմագրաւելու կեանքը: Ան ընդգծեց կրթութեան նախարարութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ ինք պիտի աշխատի տեսակարար գիտութիւն տրամադրելու բոլորին եւ ճկունութեամբ շրջանցելու Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար փուլը:

 

Նախորդը

Ժնահի Մէջ Ցուցարարներ Խոշտանգումի Ենթարկուեցան, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կատարեցին Ձերբակալութիւններ

Յաջորդը

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը Սկսած Է, Իսկ Քիւպիչ Կ՛ընդգծէ Բարեկարգումներու Գործադրութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.