Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդական Ամալ Ապու Զէյտը:
Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր` սկսելով Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութենէն, հասնելով մինչեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը եւ այս իմաստով ռուսական նախաձեռնութիւնը աշխուժացնելու քայլերը:
Պոկտանով շեշտեց, որ Ռուսիա կառչած կը մնայ Լիբանանի կայունութեան` յաջողութիւն մաղթելով Լիբանանի նոր կառավարութեան:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան-ռուսական կառավարական միացեալ խորհուրդը աշխուժացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդել:



