Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Օհանեան Ստանձնեց Մարմնակրթութեան Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Նախարարութիւնը

Յունուար 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Վարդինէ Օհանեան երէկ կէսօրէ առաջ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստանձնեց նախարարութիւնը` նախկին նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն:

Ֆընէյշ շնորհաւորեց լիբանանցիները նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով, եւ շեշտեց, որ անոր կազմութիւնը երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծման սկիզբը կը նկատուի:

«Այս նախարարութիւնը կը յանձնեմ նախարար Օհանեանի: Նախարարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն երեք քառորդին կը պատկանի, որովհետեւ երիտասարդներու հարցերով զբաղիլը հսկայ պատասխանատուութիւն է, որ ո՛չ միայն նախարարութեան կամ նախարարին պատասխանատուութիւնն է, այլ բոլոր նախարարութիւններուն, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմուտքի», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆընէյշին` մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ երեք տարուան ընթացքին անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

«Այս նախարարութիւնը կը ստանձնեմ պատասխանատուութեամբ եւ համոզուած, որ այս նախարարութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունի երիտասարդական ներուժին եւ հարստութեան պահպանումին մէջ: Իմ խոստումս պիտի ըլլայ այն, որ մենք միասնաբար, պատասխանատուութեամբ եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ պիտի գործենք լիբանանցի երիտասարդներուն համար:

«Այսօր մեր նպատակն է Լիբանանի ապագային նկատմամբ երիտասարդութեան վստահութիւնը ամրապնդել, եւ այդ մէկը պիտի յաջողցնենք մշակելով աշխատանքային ծրագիր մը, որ կ՛ընդառաջէ լիբանանցիներուն ընկերային եւ մշակութային պահանջներուն` հեռու մնալով քաղաքական տարակարծութիւններէն», ըսաւ Վ. Օհանեան:

Նշենք, որ ուշ գիշերին նախարար Օհանեան հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք թուիթըրեան իր անձնական հաշիւին ընդմէջէն գրառում մը կատարած է կամ անձնաւորութեան մը դէմ գրած:

Վ. Օհանեան հաստատեց, որ ինք թուիթըրեան հաշիւ չունի, եւ զգուշացուց իր անունով ստեղծուած կեղծ հաշիւներէ, որոնք կրնան օգտագործուիլ տեղեկատուութեան մարզին կողմէ` իրեն վերագրելով գրառումներ, որոնք իրականութեան մէջ իր կողմէ չեն կատարուած:

Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւններ Կատարուեցան Նաեւ Այլ Նախարարութիւններու Պարագային

Նորակազմ կառավարութեան անդամ նախարարները եւս ստանձնեցին իրենց վստահուած նախարարութիւնները:

Այս շրջագիծին մէջ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Էլիաս Պու Սաապէն:

Ատրա խոստացաւ իր պաշտօնին ընդմէջէն պայքարիլ փտածութեան դէմ:

«Կը խնդրեմ լիբանանցիներէն, որ հետեւին իմ աշխատանքիս եւ հաշուետուութիւն պահանջեն», ըսաւ Ատրա:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի նախկին նախարար Ռայա Հասանէն ստանձնեց նախարարութիւնը:

Հասան կոչ ուղղեց կառավարութեան անսալու փողոցի ձայնին: Իր կարգին, Ֆահմի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը պիտի աշխատին երաշխաւորել բոլորին ազատ արտայայտութեան իրաւունքը:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսէն` ընդգծելով, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ շարունակելու համար այն ծրագիրները, որոնք երկիրը կը փրկեն իր դիմագրաւած տագնապէն:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան նախկին նախարար Ժամիլ Ժապաքէն ստանձնեց նախարարութիւնը: Այս առիթով ան յայտնեց, որ պիտի պահպանեն իրենց ասպարէզին մաքրութիւնը եւ բարոյականութիւնը:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթ նախարարութիւնը ստանձնելու ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Կը մաղթեմ զիս զանց կացուցել քաղաքականութենէ: Մենք եկած ենք աշխատելու»:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Ժամալ Ժարրահէն, որ յայտնեց, թէ տեղեկատուութիւնը պատասխանատուութիւն է: Իր կարգին, Ապտել Սամատ հաստատեց, որ ինք չի փափաքիր խոստումներ տալ, որովհետեւ ժամանակն է աշխատելու:

Ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրէն ստանձնեց նախարարութիւնը եւ ընդգծեց պետական ու սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նեհմէ նախկին նախարար Մանսուր Պթէյշէն նախարարութիւնը ստանձնելուն առիթով ըսաւ. «Ժողովրդային շարժումը պէտք է մեզի 100 օրուան առիթ տայ»:

Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Ալպեր Սարհանէն:

Նախարարութեան ստանձնումին առիթով Նաժըմ հատատեց, որ դատական իշխանութեան աշխատանքին թափանցիկութիւնը երկրին կայունութեան հիմքն է:

 

 

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Ազգային Որոշումներուն Պարագային Կարելի Չէ Հաճոյակատար Ըլլալ»

Յաջորդը

Հարիրի. «Պէյրութի Շուկաներուն Եւ Հաստատութիւններուն Քանդումը Դատապարտելի Է Ու Մերժելի»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?