Լիբանանեան

«Քորոնա»-Ի Համաճարակը Դիմակայելու Իմաստով Լիբանան Լաւ Ընթացքի Մէջ Կը Գտնուի, Իսկ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Պիտի Վերսկսի 27 Ապրիլին

«Քորոնա»-Ի Համաճարակը Դիմակայելու Իմաստով Լիբանան Լաւ Ընթացքի Մէջ Կը Գտնուի, Իսկ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Պիտի Վերսկսի 27 Ապրիլին

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 641-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 81-ի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու հիմնական միջոցին` ընդհանուր զօրաշարժին յանձնառու մնալու առումով լիբանանցիները երէկ արձանագրեցին որոշ խախտումներ, որոնց լոյսին տակ ապահովական ուժերը կարգ մը շրջաններու մէջ պարտադրեցին քաղաքացիներուն` հետեւիլ ճշդուած օրէնքներուն եւ յարգել բնակարանային մեկուսացման պայմանները: Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին...

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Եւ Կոչ Ուղղեց Գուժելու «Հերքաթ»-ը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Եւ Կոչ Ուղղեց Գուժելու «Հերքաթ»-ը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա, Ալեն Աուն եւ  Մարուան Համատէ, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ խորհրդարանի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա: Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ դիւանը քննարկած է...

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Յստակացնէ

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Հաստատեց Իր Մերժումը` Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներու Գումարներուն Դպչելու Կարելիութեան

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» համաճարակն ու անոր ունեցած առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները, ինչպէս նաեւ վերջին երկու օրերուն ընթացքին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի արծարծած անձնական հիւանդանոցներու հարցին եւ անոնց փակման ենթակայ ըլլալու վտանգին: Համախմբումը քննարկեց այդ կացութիւնը փրկելու համար կատարուած հաղորդակցութիւնները եւ հաւանական լուծումները, ինչպէս նաեւ որոշեց...

Քիւպիչ. «Արդէն Իսկ Ժամանակն Է, Որ Զօրակցութեան Եւ Կարեկցանքի Հաղորդագրութիւնները Գործի Վերածուին»

Քիւպիչ. «Արդէն Իսկ Ժամանակն Է, Որ Զօրակցութեան Եւ Կարեկցանքի Հաղորդագրութիւնները Գործի Վերածուին»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ ինք Կութիերեսին ներկայացուցած է այն առաջնահերթ միջազգային օժանդակութիւնները, որոնց կարիքը ունի Լիբանան` դիմակայելու համար «Քորոնա»-ի ժահրին տարածումը եւ մեղմացնելու համար անոր հետեւանքները: Քիւպիչ հաստատեց, որ ինք Կութիերեսին ներկայացուած է ՄԱԿ-ի կողմէ ամէնէն աւելի կարիքաւոր լիբանանցիներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը: «Արդէն իսկ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութենէն կը պահանջուի Թրիփոլիի կառավարական հիւանդանոցը սարքաւորել` անոր անհրաժեշտ կահաւորումով: Ան հաստատեց, որ գոյատեւումի բոլոր միջոցները պէտք է տրամադրել Թրիփոլիին, որուն զաւակները իրենց աշխատանքները կասեցուցած են` յանձնառու մնալով բնակարանային մեկուսացման: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանանի ընկերային իրավիճակը վախազդու դարձած է, իսկ կառավարութիւնը միշտ ուշ է` որդեգրելիք կեցուածքներուն առումով: Միւս կողմէ, ան...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը` 632, Մահերունը` 20, Իսկ Բուժուածները` 80

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը` 632, Մահերունը` 20, Իսկ Բուժուածները` 80

«Քորոնա»-ի Դիմակայման Պայքարը Կը Շարունակուի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ լիբանանցիները կիրակի օր կառչած մնացին պետութեան յայտարարած կրակմարի դրութեան, եւ երկրին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ տիրական դարձաւ ընդհանուր զօրաշարժի մթնոլորտը: Լիբանանեան պետութեան որոշումով, մինչեւ 26 ապրիլ ընդհանուր զօրաշարժ պիտի գործադրուի` յարգելով բացառութիւնները: Կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Հերմելի եւ Աքքարի մէջ, այս առումով երէկ արձանագրուեցան խախտումներ: Լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատներ...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Վարչապետ Տիապի Հետ

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Վարչապետ Տիապի Հետ

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 13 ապրիլին այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն ներկայացուց նախարարութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած այս ճգնաժամային վիճակին մէջ նախարարութեան տարբեր նախաձեռնութիւններուն, որոնց պիտի ձեռնարկուին յառաջիկայ օրերուն: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կառավարութեան աշխատանքին եւ գործունէութեան ընթացքին. այս ծիրին մէջ նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց աւելի արագ կերպով եւ ընդհանրական մասնակցութեամբ հարցերը...

Ս. Զատկուան Առիթով Բարեմաղթութիւններ Իշխանութեան Պետերուն, Ռայի Պատրիարքին Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Կողմէ

Ս. Զատկուան Առիթով Բարեմաղթութիւններ Իշխանութեան Պետերուն, Ռայի Պատրիարքին Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Կողմէ

Ս. Զատկուան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին լիբանանցիներուն, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` նկատել տալով, որ ցաւերը ինչքան ալ երկարատեւ ըլլան, Յարութիւնը կը մնայ իրենց հաւատքին էութիւնը եւ ցաւերով լեցուն աշխարհի մը իրենց պատկանելիութեան իրականութիւնը: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այս տարի Ս. Զատկուան տօնը փրկութեան պատգամ կը բովանդակէ ամբողջ մարդկութեան համար` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաժզուպ յայտնեց, թէ Լիբանան լուրջ տագնապէ մը կ'անցնի` գերագոյն շահերուն եւ փոքր շահերուն միջեւ արձանագրուած բախումին պատճառով: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բոլորին` դասեր քաղելու սադրանքներու պատճառով բռնկած քաղաքացիական պատերազմէն...

Մամլոյ Արձակուրդ

Աւագ ուրբաթ օրուան ու Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 11 եւ երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2020-ին:  

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 582-ի, Երեք Օրէ Ի Վեր Մահուան Պարագաներ Չեն Արձանագրուած, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 67-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 582-ի, Երեք Օրէ Ի Վեր Մահուան Պարագաներ Չեն Արձանագրուած, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 67-ի

Լիբանանի Կառավարութիւնը Յայտարարուած Ընդհանուր Զօրաշարժը, Երեկոյեան 7:00-էն Մինչեւ Առաւօտեան Ժամը 5:00 Կրակմարի Դրութիւնն Ու Երթեւեկի Նոր Օրէնքը Կ՛երկարաձգէ Մինչեւ 26 Ապրիլ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ լիբանանեան պետութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին մէջ շուրջ ամիսէ մը ի վեր յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնն ու երթեւեկի նոր օրէնքը, որուն հիման վրայ ինքնաշարժները երթեւեկի...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Երիտսասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնը, ուր ան իր ունեցուածքին մասին տեղեակ պահեց խորհուրդը:  

Վարչապետ Տիապ Պետական Պաշտօնեաներուն Նոր Ժամանակացոյց Ճշդեց` Ռամատանի Շրջանին Առիթով

Վարչապետ Տիապ Պետական Պաշտօնեաներուն Նոր Ժամանակացոյց Ճշդեց` Ռամատանի Շրջանին Առիթով

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց նոր շրջաբերական մը, որուն համաձայն, պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող պաշտօնեաներուն նոր ժամանակացոյց ճշդեց` ռամատանի շրջանին առիթով: Տիապի հրապարակած նոր շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ նկատի ունենալով թիւ 6198 շրջաբերականը, որուն հիման վրայ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարուած է, պետական հաստատութիւններուն մէջ բնականոն կերպով գործող պաշտօնեաները պէտք է նկատի ունենան աշխատանքի հետեւեալ օրերն ու ժամերը....

Ֆահմի. «Բանտերէն Եւ Ոստիկանատուներու Արգելարաններէն 606 Արգելափակեալ Ազատ Արձակուած Են, Իսկ Յատուկ Պարագաներու Ներում Շնորհելու Աշխատանքը Լուրջ Ընթացքի Մէջ Է»

Ֆահմի. «Բանտերէն Եւ Ոստիկանատուներու Արգելարաններէն 606 Արգելափակեալ Ազատ Արձակուած Են, Իսկ Յատուկ Պարագաներու Ներում Շնորհելու Աշխատանքը Լուրջ Ընթացքի Մէջ Է»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ բանտերէն եւ ոստիկանատուներու արգելարաններէն 606 արգելափակեալներ ազատ արձակուած են արդէն` աւելցնելով, որ տօնական օրերէն ետք նաեւ մեծ թիւով բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին` դատավարութիւնները արագացնելու իբրեւ արդիւնք: Ան շեշտեց, որ յատուկ պարագաներու ներում շնորհելու աշխատանքը լուրջ ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ տօնական օրերէն ետք պիտի վերջնականանայ այդ աշխատանքը եւ պիտի պատրաստուի...

Առողջապահութեան Նախարարը Ուղղուեցաւ Հիւսիսային Լիբանան` Այցելելով Պշարրէի, Զղարթայի, Թրիփոլիի Եւ Պաթրունի Կառավարական Հիւանդանոցները

Առողջապահութեան Նախարարը Ուղղուեցաւ Հիւսիսային Լիբանան` Այցելելով Պշարրէի, Զղարթայի, Թրիփոլիի Եւ Պաթրունի Կառավարական Հիւանդանոցները

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 575-ի, Իսկ Մահուան Պարագաները Մնացին 19 «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ Լիբանան կը շարունակէ իր քաղաքացիները յորդորել` իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու, «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ անհատական նախազգուշութիւններու դիմելու, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքները յարգելու: Հակառակ տիրող տնտեսական չափազանց ծանր կացութեան, լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն կողքին, լիբանանցիներուն գրեթէ 85-90 առ...

Նախագահ Աուն Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը` Ընդգծելով Ապահովական Կայունութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Ապահովական Նիստի Մը` Ընդգծելով Ապահովական Կայունութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական...

Վարչապետ Տիապ Այցելեց «Սփինիզ» Եւ Նախագահեց Կառավարութեան Նիստին

Վարչապետ Տիապ Այցելեց «Սփինիզ» Եւ Նախագահեց Կառավարութեան Նիստին

Մինչ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, թէ յառաջիկայ 5 տարիներուն համար Լիբանան կարիքը ունի 10-15 միլիառ տոլար արժողութեամբ նիւթական արտաքին օժանդակութեան` կարենալ դիմակայելու համար ելեւմտական իր տագնապը, կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Կառավարութիւնը շարունակեց քննարկել իր մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին աւարտած նիստէն ետք ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ: Միւս...

Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 14 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին: Պիտի ճշդուի խորհրդարանի գումարելիք յաջորդ նիստին օրակարգը: Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է երկրին ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 548-ի, Մահերունը` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 548-ի, Մահերունը` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի

Արտերկրի Լիբանանցիներու Պէյրութ Փոխադրութեան Բ. Փուլը Եւս Յաջողութեամբ Ընթացաւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը երէկ շարունակեց նոյն ընթացքով: Երթեւեկի նոր օրէնքներուն գործադրութեան առումով շօշափելի էր քաղաքացիներուն կողմէ ցուցաբերուած յաւելեալ լրջութիւնն ու յանձնառութիւնը: Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 548-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 7 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, երէկ մահուան պարագայ...

Նեպիհ Պըրրի Լիբանանեան  Կացութիւնը Մտահոգիչ Կը Նկատէ

Պըրրի Աքրի Եւ Սալամէի Հետ Քննարկեց Քաղաքական, Ապահովական Եւ Տնտեսական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակն ու արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները անձեռնմխելի դարձնելու հեռանկարները: Սալամէ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Կեդրոնական Դրամատան ի գործ...

Page 499 of 988 1 … 498 499 500 … 988

Արխիւներ