Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակն ու արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ դրամատան մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները անձեռնմխելի դարձնելու հեռանկարները:
Սալամէ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Կեդրոնական Դրամատան ի գործ դրած ճիգերը, ինչպէս նաեւ այս իմաստով հետագային տալիք որոշումներուն մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի վերահաստատեց, որ դրամատուներուն մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն ունեցած գումարները սուրբ են, եւ որեւէ պայմանի տակ անոնց դպչիլը արտօնելի չէ: «Օրէնսդրութիւնը` ընդհանուր առմամբ եւ յատկապէս ելեւմտական հարցերուն վերաբերեալ, կը միտի լիբանանցիները, անոնց իրաւունքները եւ իրենց կեանքին ընթացքին վաստկած գումարները պաշտպանել», շեշտեց Պըրրի:



