Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Բանտերէն Եւ Ոստիկանատուներու Արգելարաններէն 606 Արգելափակեալ Ազատ Արձակուած Են, Իսկ Յատուկ Պարագաներու Ներում Շնորհելու Աշխատանքը Լուրջ Ընթացքի Մէջ Է»

April 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ բանտերէն եւ ոստիկանատուներու արգելարաններէն 606 արգելափակեալներ ազատ արձակուած են արդէն` աւելցնելով, որ տօնական օրերէն ետք նաեւ մեծ թիւով բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին` դատավարութիւնները արագացնելու իբրեւ արդիւնք:

Ան շեշտեց, որ յատուկ պարագաներու ներում շնորհելու աշխատանքը լուրջ ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ տօնական օրերէն ետք պիտի վերջնականանայ այդ աշխատանքը եւ պիտի պատրաստուի այն յատուկ շրջաբերականը, որուն վրայ պիտի ստորագրէ հանրապետութեան նախագահը:

Անդրադառնալով ինքնաշարժի թիւերու զոյգ կամ անզոյգ ըլլալուն հիման վրայ ճշդուած օրերուն ընթացքին դուրս գալու նախարարութեան որոշումին` Ֆահմի յայտնեց, որ այլ երկիրներու մէջ այդ օրէնքը խախտելու տուգանքը հսկայ գումար կը պարտադրէ քաղաքացիներուն վրայ:

Ան նշեց, որ նկատի ունենալով երկրին պայմանները` նախարարութիւնը ճշդած է համապատասխան գումարը, սակայն քաղաքացիները պէտք է ենթարկուին օրէնքին այն համոզումով, որ տրուած որոշումները նախ իրենց, ապա երկրին շահերուն կը ծառայեն:

Ֆահմի շեշտեց, որ երկուշաբթի օր նախարարութեան տուած որոշումին գործադրութեան հսկող Ներքին ապահովութեան ուժերը արձանագրեցին քաղաքացիներուն կողմէ գործուած 1213 խախտումներ, որոնք յաջորդ օրն իսկ` երեքշաբթի օր, նուազեցան 400 խախտումի, այսինքն` անոնք 70 առ հարիւրով նուազեցան:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Կ՛այցելէ Այնճար Եւ Զահլէ` Հետեւելու Տարուող Աշխատանքներուն Եւ Կոչով Կը Դիմէ Շրջանի Երբեմնի Բնակիչներուն` Զօրավիգ Կանգնելու Իրենց Շրջաններուն

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Պետական Պաշտօնեաներուն Նոր Ժամանակացոյց Ճշդեց` Ռամատանի Շրջանին Առիթով

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.