ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաժզուպ յայտնեց, թէ Լիբանան լուրջ տագնապէ մը կ’անցնի` գերագոյն շահերուն եւ փոքր շահերուն միջեւ արձանագրուած բախումին պատճառով:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բոլորին` դասեր քաղելու սադրանքներու պատճառով բռնկած քաղաքացիական պատերազմէն եւ իմաստուն կերպով գործելու:
ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 24 ապրիլը ռամատանի առաջին օրուան կը զուգադիպի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրայմ յայտնեց, որ իրեն համար ամօթալի է, որ քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն 30 տարի ետք, գաղթականներու թղթածրարը տակաւին քննարկումի ենթակայ ըլլայ: «Այս թղթածրարը լիբանանեան պատերազմի հետեւանքներէն է, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է վերջնականապէս փակել մեր ցաւալի պատմութեան այս էջը», ըսաւ Շրայմ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ 13 ապրիլին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 45-ամեակին առիթով կոչ ուղղեց` դասեր քաղելու անցեալի տխուր եւ մռայլ էջերէն` առաջնորդուելով «Նախ` Լիբանան» կարգախօսով:
Միւս կողմէ, Ապտել Սամատ յայտնեց, որ, ճշգրիտ տեղեկութիւնը լիբանանցիներուն փոխանցելու իր յանձնառութենէն մեկնելով, ինք հանդիպումներ պիտի կազմակերպէ կարգ մը նախարարութիւններու եւ լրատուամիջոցներու պատասխանատու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող անձնաւորութիւններու միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշգրիտ տուեալներ հասցնել հանրութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ լիբանանեան հզօր պետութիւն մը կերտել, ապա 13 ապրիլը պիտի կրկնուի` իրեն հետ բերելով պատերազմի ամբողջ արհաւիրքը, որովհետեւ կարելի չեղաւ զայն հակակշիռի տակ պահել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ 13 ապրիլ 1975-ը կը յիշենք, որպէսզի անկէ դասեր քաղենք: «Այդ թուականը մեզի կը սորվեցնէ, թէ պատերազմը պէտք չէ կրկնուի, այլ լիբանանցիները պէտք է աշխատին ի խնդիր միասնականութեան: Միասնականութիւնը մեր փրկութիւնն է», շեշտեց ան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ պէտք է ճշդէ ուսումնական տարեշրջանի ճակատագիրը, որպէսզի աշակերտները դուրս գան «Քորոնա» ժահրի մեկուսացման ընթացքին իրենց ապրած մտահոգութիւններէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանանի հիւանդանոցները սկսած են փակել իրենց դռները, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը թերացած է իր պարտաւորութիւնները կատարելուն մէջ: