Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ ինք Կութիերեսին ներկայացուցած է այն առաջնահերթ միջազգային օժանդակութիւնները, որոնց կարիքը ունի Լիբանան` դիմակայելու համար «Քորոնա»-ի ժահրին տարածումը եւ մեղմացնելու համար անոր հետեւանքները:
Քիւպիչ հաստատեց, որ ինք Կութիերեսին ներկայացուած է ՄԱԿ-ի կողմէ ամէնէն աւելի կարիքաւոր լիբանանցիներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը:
«Արդէն իսկ ժամանակն է, որ միջազգային զօրակցութեան եւ կարեկցանքի հաղորդագրութիւնները շօշափելի աշխատանքով գործի վերածուին», շեշտեց Քիւպիչ:



