Լիբանանեան

Խորհրդարանի Նիստը Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Խախտումին Պատճառով

Խորհրդարանի Նիստը Առկախուեցաւ` Օրինաթիւի Խախտումին Պատճառով

Երէկ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը առկախուեցաւ` օրինաթիւի  խախտումին պատճառով: Յետմիջօրէի եւ այսօր նախատեսուած նիստերը յետաձգուեցան: Նիստին ընթացքին վաւերացուեցան շարք մը օրինագիծեր, իսկ բազմաթիւ  այլ օրինագիծեր փոխանցուեցան խորհրդարանական յանձնախումբերուն` ուսումնասիրութեան նպատակով: Ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ խորհրդարանը վաւերացուց հիւանդանոցներուն յաւելեալ 450 միլիառ լիբանանեան ոսկիի գումարի յատկացումը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք ունի տեղեկութիւններ, թէ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրի մշակումը աւարտած է...

Ահաւոր Ոճիր` Պաաքլինի Մէջ

Ահաւոր Ոճիր` Պաաքլինի Մէջ

Նախանցեալ օր Պաաքլինի մէջ տեղի ունեցաւ ահաւոր ոճիր մը, որուն զոհ գացին 9 անձեր, ներառեալ` ոճրագործին երեսուն տարեկան կինը եւ եղբայրը: Զոհերու շարքին են 5 սուրիացիներ եւ 4 լիբանանցիներ: Բանակը, Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ուժերը ձեռնարկեցին փախուստ տուած ոճրագործի փնտռտուքին:

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Անունով Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կը Մերժէ Կանեփի Մշակման Օրինականացումը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Անունով Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կը Մերժէ Կանեփի Մշակման Օրինականացումը

  21 ապրիլի խորհրդարանական նիստին հնդկական կանեփի մշակումը արտօնելու առնչութեամբ ներկայացուած առաջարկին քննարկումի օրակարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բուռն կերպով դէմ արտայայտուեցաւ անոր` զայն որակելով թմրեցուցիչի մշակման օրինականացում: Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Յիշողութեամբ կը վերադառնամ 2000 թուական, ինծի հետ նաեւ` ներկայ երեսփոխաններէն ոմանք, երբ պետութենէն պահանջուեցաւ փճացնել հաշիշի բոյսերը եւ հրկիզել դաշտերը: Պետութիւնը գործադրեց այս որոշումը, փոխարէնը առաջարկելով այլընտրանքային երկրագործութեան որդեգրում: Դժբախտաբար,...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր

Երէկ առաւօտեան ժամը 11:30-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական օրէնսդրական նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին` մասնակցութեամբ երեսփոխաններու եւ նախարարներու: Նիստը պիտի շարունակուի այսօր եւ վաղը եւս: Խորհրդարանի նախագահը, արձագանգելով անոնց, որոնք խորհրդարանը կը մեղադրեն իր պարտականութիւններուն մէջ թերանալու եւ իր դերը չկատարելու յանցանքով, ըսաւ, որ խորհրդարանը կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ աւելի՛ն: Պըրրի դիտել տուաւ, որ բոլորը...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Հաստատեց, Որ 27 Ապրիլէն Ետք Երեւանէն Լիբանան Պիտի Վերադարձուին Լիբանանցիները

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 21 ապրիլ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայութեան գումարուած ժողովին անգամ մը եւս արծարծեց Երեւան գտնուող եւ Լիբանան գալ փափաքող լիբանանցի քաղաքացիներու հարցը: Ան մեծապէս անհրաժեշտ նկատեց, որ այս պարագան սերտուի եւ լուծում տրուի անոր: Հաստատուեցաւ, որ անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմուի, որպէսզի 27 ապրիլէն ետք Երեւան-Պէյրութ յատուկ թռիչքով Հայաստան գտնուող եւ Հայաստանի...

Վերջին 24 Ժամուան Ընթացքին` «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Ոչ Մէկ Պարագայ

Վերջին 24 Ժամուան Ընթացքին` «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Ոչ Մէկ Պարագայ

Երէկ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոչ մէկ դէպք արձագրուած է վերջին 24 ժամուան ընթացքին: Կատարուեցան 487 քննութիւններ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն, եւ 8 քննութիւններ` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն: Առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասիմ Արաժի յայտնեց, որ պէտք չէ չափազանցել լաւատեսութիւնը` Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման վերաբերող: «Մենք տակաւին կը գտնուինք վտանգի շրջանակին մէջ եւ կը սպասենք պատահական...

Բողոքի Ցոյցեր` Խորհրդարանի Նիստին Զուգահեռ

Բողոքի Ցոյցեր` Խորհրդարանի Նիստին Զուգահեռ

Բողոքելով Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն դէմ, ցուցարարներ հաւաքուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին շրջակայքը, ուր տեղի կ՛ունենար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը: Անոնք բացագանչեցին, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահանալը կը նմանի անօթութեան եւ աղքատութեան պատճառով մահանալուն: Ցուցարարները նշեցին, որ պիտի չդադրեցնեն իրենց բողոքի շարժումները, եւ ժահրը արգելք պիտի չհանդիսանայ իրենց պահանջներու իրականացման: Ցուցարարները հաւաքուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ` կատարելու ինքնաշարժներու երթ մը...

Տիապ Ֆուշիէի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Տիապ Ֆուշիէի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն կ՛ընկերակցէր առաջին խորհրդական Սալինա Կրունիէ Քաթալանոն, ելեւմտական խորհրդական Ժուլիան Ֆուլոն, եւ քաղաքական խորհրդական Սթեֆանի Սալիհան: Ներկայ էին նաեւ վարչապետին դիւանագիտական հարցերու խորհրդական, դեսպան Ժըպրան Սոֆանը եւ վարչապետին գրասենեակի պատասխանատու, դատախազ Խալիտ Աքարին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին զարգացումներուն եւ քննարկուեցաւ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Փտածութեան Դէմ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնցմէ առաջինը կառավարութեան աշխատանքն է, որ փաստած է իր յաջողութիւնը` «Քորոնա»-ի համաճարակին դիմակայելու առումով, ինչպէս նաեւ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ առողջապահական...

«Քորոնա»-ով 4 Նոր Վարակուածները Ընդհանուր Թիւը Բարձրացուցին 677-ի

«Քորոնա»-ով 4 Նոր Վարակուածները Ընդհանուր Թիւը Բարձրացուցին 677-ի

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 677-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր պարագաներ: Բոլոր պարագաներն ալ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ են: 105 պարագաներ արդէն իսկ բուժուած են: Մահացողներուն թիւը կը մնայ նոյնը` 21: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած են 340 քննութիւններ: Առողջապահութեան նախարարութեան 5 խումբեր այսօր առաւօտեան ժամերէն պիտի մեկնին տարբեր շրջաններ`...

«Ուեպինարին Նպատակն Է Աշխուժացնել Նախարարութեան Եւ Տարբեր Միութիւններուն Ու Ֆետերասիոններուն Միջեւ Գործակցութիւնը» Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

«Ուեպինարին Նպատակն Է Աշխուժացնել Նախարարութեան Եւ Տարբեր Միութիւններուն Ու Ֆետերասիոններուն Միջեւ Գործակցութիւնը» Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

Կազմակերպութեամբ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, տեղի ունեցաւ Լիբանանի սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներու ուեպինար մը, նիւթ ունենալով «Ղեկավարներուն հզօրացումը` մարտահրաւէրներու դիմակայումին մէջ»: Ուեպինարը վարեց փորձագէտ Նատին Զէյնուն Խուրի, իսկ անոր մասնակցեցան «Սքութ տիւ Լիպան»-ի նախագահ Եուսեֆ Խատաժ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող 18 սկաուտական միութիւններ, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ը: Խուրի այս ուեպինարը շատ կարեւոր նկատեց` ընդգծելով անոր շօշափած նիւթը, որ բծախնդրութեամբ ծրագրուած...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Աջակցելու Կառավարութեան

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Աջակցելու Կառավարութեան

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պըքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու անձնաւորութիւններու եւ հաստատութիւններու ուղղուած աժան մեղադրանքները, որոնք պատճառ կը դառնան, որ ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցնէ կառավարութեան նկատմամբ եւ երկիրները` լիբանանեան պետութեան նկատմամբ: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք նպատակը ա՞յդ է, եւ թէ ատիկա որո՞ւ պիտի ծառայէ: Պատրիարքը նշեց, որ «Քորոնա» ժահրը հարուածեց ամբողջ աշխարհը...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Յոյն ուղղափառ համայնքի Աւագ ուրբաթ օրուան ու Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 18 եւ երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2020-ին:  

Կառավարութիւնը Որոշեց 450 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնել Անձնական Հիւանդանոցներուն Եւ Բժշկական Անձնակազմերուն

Կառավարութիւնը Որոշեց 450 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնել Անձնական Հիւանդանոցներուն Եւ Բժշկական Անձնակազմերուն

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 663-ի, Մահերը Կը Մնան 21, Իսկ Բուժուածները` 85-ի «Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայումը կը շարունակուի Լիբանանի մէջ: Լիբանանեան պետութիւնն ու ապահովութեան ուժերը կը հսկեն, որ բնակարանային մեկուսացումն ու կրակմարի դրութիւնը լաւապէս յարգուին` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը: Ընդհանուր զօրաշարժը պարտադրելու շրջագիծին մէջ, երէկ լիբանանեան բանակը փակեց դէպի Աննայա` Մար Շարպելի ուխտատեղին առաջնորդող բոլոր մուտքերը,...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Ապահովութեան Խորհուրդին  Համապատասխան Որոշումներ Տալու

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Իսրայէլեան Օդուժին Կողմէ Լիբանանեան Քաղաքային Ինքնաշարժի Մը Ռմբակոծումը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան քաղաքային ինքնաշարժի մը ռմբակոծումը, Ժտայտեթ Եապուս շրջանին մէջ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ այդ արարքը ինքնաշարժին մէջ գտնուող քաղաքայինները մահուան վտանգի ենթակայ դարձուցած են: «Այս յարձակումը մաս կը կազմէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած հերթական բռնարարքներու շարքին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Արտաքին գործոց...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Ժամանակն Է Արդէն, Որ Լիբանան  Ունենայ Իր Կառավարութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կը Մեժենք Ելեւմտական Մարզը Բարելաւել Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Քսակէն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները յանձնառու մնան ընդհանուր զօրաշարժին, որ երկարաձգուած է մինչեւ 26 ապրիլ 2020` երաշխաւորելու համար իրենց առողջութիւնը: Պլոքը կոչ ուղղեց բոլորին` հարկ եղած նախազգուշութիւններուն դիմելու, բնակարաններուն մէջ  գործադրելու լիբանանեան պետութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան թելադրանքները, շրջագայութիւնը սահմանափակելու, իսկ փողոցները եւ հրապարակներուն վրայ չհամախմբուելու: Հաւատարմութիւն...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 658-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 84-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 658-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 84-ի

Չինաստան Այսօր Լիբանանին Կը Նուիրէ «Քորոնա» Ժահրի Ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի Քննութեան Յաւելեալ Կարելիութիւններ «Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայման նպատակով Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ընդհանուր զօրաշարժի, երթեւեկի սահմանափակումներու, բնակարանային մեկուսացման կոչերը, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 յայտարարուած անհատական կրակմարի դրութիւնը կը յարգուին` որոշ խախտումներով: Լիբանանցիները 90 առ հարիւր համեմատութեամբ յանձնառու կը մնան որդեգրուած միջոցառումներուն եւ կ’ենթարկուին լիբանանեան...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ընթացիկ օրակարգ մը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լազարինիին` Լիբանանի մէջ անոր ի գործ դրած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի...

Վարչապետ Տիապ. «Կարելի Չէ Բարեկարգումի Մասին Մտածել, Առանց Վերադառնալու Անոր Սկզբունքներուն»

Վարչապետ Տիապ. «Կարելի Չէ Բարեկարգումի Մասին Մտածել, Առանց Վերադառնալու Անոր Սկզբունքներուն»

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ կէսօրին, ընկերակցութեամբ իր խորհրդական Խտըր Թալեպի, այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի: Հանդիպումէն ետք Տիապ ըսաւ. «Այս այցելութիւնը վերադարձ մըն է դէպի այն դպրոցը, որուն սկզբունքներուն հիման վրայ դաստիարակուած ենք: Հըս ո՛չ միայն Լիբանանի խիղճն է, այլ նաեւ պետութեան գաղափարը ներկայացնող խորագիրը: Կարելի չէ բարեկարգումի մասին մտածել, առանց վերադառնալու անոր սկզբունքներուն»: Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ ինք խիստ...

Ֆահմի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ֆահմի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու վերաբերող ընդհանուր զօրաշարժն ու անոր խստօրէն հսկելու քայլերը: Երեկոյեան Քիւպիչ յայտնեց, որ ինք Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ դրական եւ օգտակար զրոյցներ...

Page 498 of 988 1 … 497 498 499 … 988

Արխիւներ