Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 13 ապրիլին այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն ներկայացուց նախարարութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած այս ճգնաժամային վիճակին մէջ նախարարութեան տարբեր նախաձեռնութիւններուն, որոնց պիտի ձեռնարկուին յառաջիկայ օրերուն:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կառավարութեան աշխատանքին եւ գործունէութեան ընթացքին. այս ծիրին մէջ նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց աւելի արագ կերպով եւ ընդհանրական մասնակցութեամբ հարցերը լուծելու կարեւորութիւնը:
Նախարարը նաեւ դիտել տուաւ, որ ինչպէս համայն լիբանանցիները, հայ համայնքը եւս տարբեր խնդիրներու դէմ յանդիման կանգնած է տագնապալի այս կացութեան մէջ` շեշտելով, որ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը արդէն աշխատանքի լծուած է այս առումով: Ան պահանջեց, որ պետութիւնը ժողովուրդին օժանդակութեան վերաբերող ծրագիրներուն մէջ նկատի առնէ հայկական բարեսիրական ընկերութիւններն ու միութիւնները` արդար ձեւով տնօրինելով այս աշխատանքը:
Վարչապետին եւ նախարարին միջեւ զրոյցին նիւթ դարձաւ նաեւ նշանակումներու խնդիրը. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց հայ համայնքին իրաւունքներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
* Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի 45-ամեակին առիթով Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Քաղաքացիական պատերազմը յիշելով` պէտք է խոստովանիլ սխալները, քաղաքական կամքը ունենալ անցեալէն դասեր քաղելու, շրջանցելու զայն եւ աւելի լաւ ու խոստմնալից ապագայի համար գործելու: Ժամանակն է միասնական դառնալու, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ «Քորոնա»-ին եւ անոր պատճառելիք տագնապներուն դէմ, նաեւ պէտք է ձեռք ձեռքի տալ լուծելու տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական հարցերը` աւելի լաւ հայրենիքի եւ երիտասարդներուն համար աւելի լաւ ապագայի կերտման ի խնդիր»: